Եուվենթուսի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն շատ մօտ է ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուելուն, կը յայտնէ «Ֆութպոլ-Իտալիա»:
Վերջերս ան հրաժեշտ տուաւ Եուվենթուսին, որուն մաս կազմեց 17 տարի: 40 տարեկան Պիւֆոն յառաջիկայ շաբաթ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին հետ բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի: Անոր փոխանցման մանրամասնութիւնները յստակացած են:
Ան Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ` տարեկան 8 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:



