Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) հրապարակած յուլիս ամսուան նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 2767 վարկանշային կէտ, դարձեալ դուրս մնաց լաւագոյն տասնեակէն եւ այժմ կը գրաւէ 12-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2842), երկրորդ դիրքին վրայ` ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա (2822), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարով (2801):



