Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած Սինսինաթիի թենիսի «Մասթըրզ-1000» միջազգային մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին` աւարտականի ճակատումով, որուն ընթացքին սերպ Նովաք Ճոքովիչ 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերին:
Այսպիսով, 31 տարեկան Ճոքովիչ, տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 70-րդ տիտղոսին, մինչ ասիկա անոր համար եղաւ այս տարեշրջանին երկրորդը` Ուիմպըլտընի մրցաշարքէն ետք:
Նշենք, որ Ճոքովիչ այս մրցաշարքին գծով նախապէս հինգ անգամ աւարտականին պարտութիւն կրած էր, մինչ Ֆետերեր, որ առաջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքին աւարտականին կը պարտուէր, անոր տիրացած է 7 անգամ:
Այսպիսով ան դարձաւ պատմութեան առաջին թենիսմենը, որ կը տիրանայ 9 «մասթըրզ»-ի մրցաշարքերուն տիտղոսներուն:
Ինչ կը վերաբերի երէկ հրապարակուած միջազգային դասաւորման, Ճոքովիչ, 4 դիրքի ոստում մը արձանագրելով, բարձրացաւ 6-րդ դիրք: