Անգլիական «Տը Թայմզ» կը տեղեկացնէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կը քննարկէ տեսակրկնապատկերներու ՎԱՐ համակարգը կիրարկել եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին ընթացքին:
Շատ հաւանական է, որ ՎԱՐ համակարգը օգտագործուի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի քառորդ աւարտականէն սկսեալ (այս տարեշրջանին):
Այս ձեւով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կ՛ուզէ խուսափիլ իրաւարարներու ակամայ սխալներէն, որոնց պատճառով հարցեր կը ծագին:
Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ եւրոպական ֆութպոլի ակումբներու ֆետերասիոնին ժողովը, որուն ընթացքին պիտի արծարծուի այս հարցը եւ տրուի համապատասխան որոշում:
Այս համակարգը օգտագործելու պարագային, բերդապահներուն ճիշդ մօտը գտնուող իրաւարարներուն կարիքը պիտի չզգացուի:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն մտադիր է նաեւ ՎԱՐ-ը օգտագործել 2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին: