Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի 21 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Միրէյ Պոյաճեան հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` աւարտականին 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով Փերլա Մանսուրի դէմ (Մոն լա Սալ):
Կիսաւարտականին ան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Միներվա Ապպուտի (Շարթիէ Տար Նութ):
Կը շնորհաւորենք, Միրէյ Պոյաճեանը եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը արձանագրուած այս յաղթանակին համար: