Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները:
Նշենք, թէ նկատի ունենալով, որ Փիւնիկ եւ Ալաշկերտ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, շարք մը մրցումներ յետաձգուեցան:
Գործող ախոյեան Ալաշկերտ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գանձասար – Կապանին: Արտակ Դաշեան նշանակեց մրցումին միակ կոլը (39-րդ):
Փիւնիկ, որ կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Արարատ – Արմենիայի դէմ:
Արցախ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` Լոռիէն, 3-2 արդիւնքով: Վերջինին համար այս յաղթանակը եղաւ տարեշրջանի առաջինը:
Իսկ վերջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Արարատը եւ Շիրակը, աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ: