Անգլիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ, որ նախորդ շաբաթավերջին Հատըրսֆիլտի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումին հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (6-1), յաջողեցաւ 2 նոր իրագործումներ կատարել:
Առաջին հերթին ան Անգլիոյ լաւագոյն օտար յառաջապահներու ցանկին մէջ բարձրացաւ երկրորդ դիրք` գերազանցելով հոլանտացի Ռոպին Վան Փերսիի մրցանիշը:
Այս վերջինը նշանակած է 144 կոլ, մինչ Ակուերօ` 146: Լաւագոյն ռմբաձիգն է ֆրանսացի Թիերի Հանրի (175):
Նշենք, որ անգլիացի լաւագոյն կոլսքորըրն է Էլըն Շիրըր (260), ապա յաջորդաբար` Ուէյն Ռունի (208) եւ Էնտի Քոլ (187):
Բացի ատկէ, Ակուերօ յաջողեցաւ Անգլիոյ մէջ իրագործել իր 9-րդ հեթրիքը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահը` Շիրըր, իրագործած է` 11 հեթրիք:
Թիերի Հանրի, Մայքըլ Օուըն եւ Հերի Քէյն իրագործած են` 8-ական հեթրիք: