Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հրայր Մկոյեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ալաշկերտ – Երեւանի հետ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Այս շաբաթասկիզբին Արարատ – Արմենիայէն հեռացած գիւմրեցի յետսապահը երեւանեան ակումբին հետ ստորագրեց մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
31 տարեկան ֆութպոլիստը այս ամրան ընթացքին Շիրակ – Գիւմրիէն տեղափոխուեցաւ Արարատ – Արմենիա, որուն հետ մասնակցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի մեկնարկային մրցումներուն: