Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, 21-23 սեպտեմբերին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի պիտի ունենայ «Պէյրութ-2018» թեքուանտոյի բաց ախոյեանութիւնը:
Այս գծով Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ այս ախոյեանութեան մանրամասնութիւններուն:
Մամլոյ ասուլիսին գտնուեցաւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ անդրադարձաւ այս ախոյեանութեան կարեւորութեան` շեշտելով այն կարեւոր հանգամանքը, որ անոր մասնակցողները իրենց արձանագրած արդիւնքներուն հիման վրայ կարեւոր կէտեր պիտի ստանան Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն գծով:
Ան ըսաւ, թէ այս մրցաշարքին կայացումը պիտի արժէ 150-էն 200 հազար ամերիկեան տոլար:
Ան եզրափակեց նշելով, որ լիբանանցի մարզիկներէն կը սպասէ մեծաթիւ մասնակցութիւն, իսկ ընդհանրապէս լիբանանցիներէն` մեծաթիւ ներկայութիւն, քաջալերելու համար լիբանանցի երկսեռ մարզիկները:
Յայտնենք, որ այս ախոյեանութեան մարզահամալիր մուտքը պիտի ըլլայ անվճար` բոլոր հանդիսատեսներուն համար: