Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Մակեդոնիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները:
Վարտար, որ Ռենովայի հիւրն էր, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը յաջողեցաւ արձանագրել:
Մրցումին 75-րդ վայրկեանին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան կերտեց իր կազմին յաղթանակը` նշանակելով մրցումին միակ կոլը:
Ան դաշտ ներկայացաւ ամբողջ 90 վայրկեան, իսկ 43-րդ վայրկեանին, ստացաւ դեղին քարտ մը:
Նշենք, որ 24 տարեկան Բարսեղեան Ա. հանգրուանին եւս կոլ նշանակած էր: