Իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ի համաձայն, Ռէալ Մատրիտի 32 տարեկան խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ «ՖԻՖԱ»-ին յայտնած է, որ ինք եղած է Ինթեր Միլանի հետ իր փոխանցման կարելիութիւններուն շուրջ բանակցութիւններուն նախաձեռնողը:
Նախորդ շաբաթ անոր ակումբը` Ռէալ Մատրիտ, բողոքեց «ՖԻՖԱ-ին այս ուղղութեամբ` յայտնելով, որ իտալական ակումբը կը նկատէ յանցաւոր տեղի ունեցող այս բանակցութիւններուն մէջ:
Սակայն նկատի ունենալով, որ Մոտրիչ, իր գործակալին յանձնարարած էր, որ բանակցութիւններու սկսի, «ՖԻՖԱ»-ն որոշեց չպատժել Ինթեր Միլանը: