Ռաս Մեթնի կողմէ կազմակերպուած ամառնային փառատօնի ծիրին մէջ կատարուեցան նաեւ փինկ փոնկի մրցումներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 102 երկսեռ մարզիկներ` մասնակցելով տարբեր դասակարգերու մրցումներուն:
Փինկ փոնկի այս մրցումներուն տիրական ներկայութիւն եղան ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, որոնք տիրացան 4 առաջնութեան, 4 երկրորդութեան եւ մէկ երրորդութեան:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն ձեռք ձգած արդիւնքները.
15 Տարեկանէն Վար Տղաք.
1.- Արտակ Ասատուրեան, 2.- Միսաք Պարսումեան, 3.- Գէորգ Արապաղեան
21 Տարեկանէն Վար Աղջիկներ.
1.- Միրէյ Պոյաճեան, 2.- Սեւան Չեքմէեան
13 Տարեկանէն Վար Աղջիկներ.
1.- Լորի Եահնիեան, 2.- Քլէա Արապաղեան
Ոչ Արհեստավարժ Տղաք.
1.- Արշակ Տանաճեան, 2.- Նարեկ Փանոսեան
Արհեստավարժ Տղաք.
3.- Փոլ Պետրոս
ՆՇԵՆՔ, որ ՀՄԸՄ-ի վերոնշեալ բոլոր մարզիկները այս շաբաթավերջին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Զըքրիթի փինկ փոնկի մրցաշարքին: