Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, սեպտեմբերի սկիզբը Լիբանան կը հիւրընկալէ Արաբական եւ Արեւմտեան Ասիոյ պետմինթընի ախոյեանութիւնները` գործակցութեամբ Արաբական ֆետերասիոնին եւ հսկողութեամբ Ասիոյ ֆետերասիոնին:
Առաջինը տեղի կ՛ունենայ 4-6 սեպտեմբերին, մինչ երկրորդը` 7-9 սեպտեմբերին:
Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնի նախագահ Ժասեմ Քանսօ ըսաւ, թէ այս ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ բաւական հետաքրքրական, մանաւանդ որ անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արաբական երկիրներէ եկած 165 երկսեռ մարզիկներ: