Մարզական

Ըմբշամարտ. Ժորա Յովաննիսեան` Վեթերաններու 17-ակի Աշխարհի Ախոյեան

Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի վեթերաններու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 55-60 տարեկան դասակարգի 62 քկ քաշային կարգին մէջ աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ Վանաձորի Ժորա Յովհաննիսեան: Աւարտականին Յովհաննիսեան ժամանակէն շուտ` 10-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին, 17-րդ անգամն ըլլալով հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: Վեթերաններու այս ախոյեանութեան տեղի ունեցան 5 դասակարգերու մրցումներ. 35-40, 41-45, 46-50, 51-55 եւ 55-60:

Հրաչեայ Ռոստոմեան Կ՛առաջարկէ Սառեցնել Հայաստանի Կռփամարտի Ֆետերասիոնին Անդամակցութիւնը` Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, անդրադառնալով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, յայտնեց, որ կը պատրաստուի Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի գործադիր մարմինի յաջորդ նիստին առաջարկել, որ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին անդամակցութիւնը` Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին, ժամանակաւոորապէս սառեցուի: «Վերջին շրջանին հայկական կռփամարտին գծով ծաւալուող իրադարձութիւնները մտահոգիչ են: «Անհասկնալի են այն մեղադրանքները, ըստ որոնց, փորձ կը կատարուի մարզաշխարհը քաղաքականացնելու: «Դարձեալ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Զօրաւոր Նկատուող Բոլոր Խումբերն Ալ Յաղթեցին, Բացի Լիվըրփուլէն

«Չեմփիընզ Լիկ». Զօրաւոր Նկատուող Բոլոր Խումբերն Ալ Յաղթեցին, Բացի Լիվըրփուլէն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած երէկուան մրցումներուն, զօրաւոր նկատուող բոլոր խումբերն ալ յաղթեցին, բացի Լիվըրփուլէն, որ Նափոլիի դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Պրազիլցի Նէյմար իր կազմին հետ հեթրիք մը իրագործեց` կարմիր աստղ Պելկրատի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (6-1): Լիոնել Մեսսի նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը` Թոթենհամի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (4-2): Փորթօ նուազագոյն հաշիւով յաղթեց իր...

«Եւրոպայի Լիկա».  Հայրենի 3 Խումբերը Այսօր Կը Կատարեն Զտումի Ա. Հանգրուանի Դարձի Մրցումները

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 24 Մրցումներ

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին 24 մրցումներ: Մրցումները պիտի ըլլան ոչ այնքան զօրաւոր` նկատի ունենալով, որ կարգ մը խումբեր կը նկատուին բաւական տկար: Ստորեւ` յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութ ժամանակացոյցով). Ա. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ Պայէր Լեւերքուզըն - ԱԷՔ Լառնաքա 19:55 Ֆ. Ք. Ցիւրիխ - Լուտոկորեց 19:55 Բ. ԽՄԲԱԿ   Ռոզենպըրկ - Լայփցիկ 19:55 Սալզպուրկ -...

Հոլանտական Ֆութպոլ. Գոռ Աղբալեան` Կոլի Հեղինակ

Հոլանտայի ֆութպոլի երիտասարդական ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Կօ ըհետ իկըլզ 5-0 արդիւնքով յաղթեց Աքիլլեսին: Մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Գոռ Աղբալեան, որ այս ամրան տեղափոխուեցաւ Հերաքլեսէն:  

Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբերին` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

25-30 Հոկտեմբերին. Պասքեթպոլի Մարզիչներու Միջազգային Յատուկ Դասընթացքներ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 25-30 հոկտեմբերին կը կազմակերպէ պասքեթպոլի մարզիչներու (Քոչինկ-Քլինիք) միջազգային յատուկ դասընթացքներ` «ՏԱՊԸԼԻՈՒ ԷՅ. ՊԻ. ՍԻ. Լիվըր-1 Քորս-Քոչ» անունին տակ: Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ առաջարկուած այս դասընթացքին իրաւունք ունին մասնակցելու միայն 25 անձեր: Բնականաբար, այդ 25-ը պիտի ընտրուին ֆետերասիոնին կողմէ` իւրաքանչիւրի թղթածրարին լաւապէս սերտուելէն ետք: Մասնակցութեան սակ ճշդուած է հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի, իսկ արձանագրութիւնները կը...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն

- Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Իր Կատարած Առաջին Մրցումին (77-64) - Հիւրընկալ Խումբը` Յաղթական Երէկ` երեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին, ազդանշանը տրուեցաւ Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 31-րդ ախոյեանութեան, որ նուիրուած էր Հանրի Շալհուպի յիշատակին եւ կազմակերպուած` Պէյրութ ակումբին կողմէ: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան, Սիմոն Ապի Ռամիա, Պէյրութի քաղաքապետ Զիատ Շըպիպ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Արդիւնքներու Վաւերացում, Տուգանքներու Սահմանում Եւ Կախակայումներ

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Տուգանքներու Եւ Կախակայումներու Վճիռներ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը, տուաւ կարգ մը որոշումներ, որոնց կարգին` կախակայումներու եւ տուգանքներու վճիռներ, ինչպէս նաեւ քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը: Ինչ կը վերաբերի հրապարակուած յայտագիրին, մրցումները պիտի ընթանան հետեւեալ ձեւով. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Անսար - Սաֆա...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ Կրեց Այլ Պարտութիւն Մը

Լիբանանի ներկայացուցիչ Ռիատի Պէյրութ աւարտեց իր ելոյթները Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երբ 5-8-րդ դիրքերուն համար կատարեց իր վերջին մրցումը: Անցեալ տարուան Ասիոյ տիտղոսակիրը կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ` Չինաստանի ներկայացուցիչ Լիաուինկէն` 102-75 արդիւնքով: Այսպիսով, լիբանանեան կազմը, որ նախորդ տարի հանդիսացած էր Ասիոյ ախոյեան եւ Լիբանանի փոխախոյեան (ՀՄԸՄ-ի ետին), գրաւեց 7-րդ դիրքը: Պէտք է ըսել, թէ Ասիոյ...

Ճատրակ. Համաշխարհային Ողիմպիական.

- Հայաստանի Տղոց Կազմը Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց - Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին Առաջին Պարտութիւնը Պաթումի մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային ճատրակի ողիմպիականի 8-րդ հանգրուանին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լեհաստանի հետ: Բոլոր մրցումներն ալ աւարտեցան հաւասարութեամբ: Հայրենի կազմը այժմ 13 կէտով կը բաժնէ 3-9-րդ դիրքերը: Պարագլուխի դիրքը գրաւեցին Միացեալ Նահանգներ, որոնք 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեցին Ազրպէյճանին եւ ապահովեցին իրենց 15-րդ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ Մոսկուայի Մէջ (1-0)

Այսօր` Նափոլի - Լիվըրփուլ Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ կատարուած ութ մրցումներուն մեծագոյն անակնկալը ստեղծեցին Մոսկուայի բանակայինները, որոնք 1-0 արդիւնքով յաղթեցին իրենց հիւրին` տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Նիքոլա Վլասիչ` 2-րդ վայրկեանին, մինչ անոր խմբակից Իկոր Աքինֆէեւ մրցումին վերջին վայրկեաններուն ստացաւ կարմիր քարտ մը: Իտալական երկու կազմեր` Ա. Էս. Ռոմա եւ Եուվենթուս հանգիստ յաղթանակներ արձանագրեցին...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Եւ Բաժակի Մրցումները Պիտի Սկսին Մէկ Վայրկեան Լռութեամբ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք մրցումները (3-4 հոկտեմբեր) պիտի սկսին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` ի յարգանս աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի: Մէկ վայրկեան լռութեամբ պիտի սկսի նաեւ Փիւնիկ - Գանձասար յետաձգուած մրցումը (բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւն), որ տեղի պիտի ունենայ այսօր:  

Աբրահամ Խաշմանեան Գլխաւորեց Արարատը

Արարատ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Աբրահամ Խաշմանեան նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: Բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, այս տարեշրջանին երեւանեան ակումբին արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին ոչ համոզիչ: 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Արարատ 5 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը: Ակումբի մարզիչներու կազմին մէջ ընդգրկուեցան Արմէն Տօնոյեան, Աշոտ Գրիգորեան, Արա Նիգոյեան, Տիգրան Եսայեան, Ալպերթ Սաֆարեան եւ Արմէն Կիրակոսեան:  

Մխիթարեան. «Ազնաւուրի Նուիրումը` Հայաստանին, Յաւերժ Պիտի Մնայ Մեր Սրտերուն Մէջ»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ցաւակցութիւն յայտնեց Հայաստանի ազգային հերոս, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մահուան առիթով: Լոնտոնեան Արսենալին մաս կազմող Մխիթարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Խոր կսկիծով իմացայ Շարլ Ազնաւուրի մահուան մասին: Ան մեզ կը լքէ իբրեւ յուշակոթող: Բայց եւ այնպէս, անոր ամբողջ վաստակը եւ նուիրումը` Հայաստանին, յաւերժ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ»:

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Այսօրուան Առաջին Մրցակիցը` Սալա, Որմէ Ետք` Մրցաշարքին Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի Այսօրուան Առաջին Մրցակիցը` Սալա, Որմէ Ետք` Մրցաշարքին Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

Ինչպէս ծանօթ է, 2-12 հոկտեմբերին Լիբանան կը հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 31-րդ ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցին 10 խումբեր, բաժնուած` 2 խմբակի: Այս ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ, կազմակերպուած է Պէյրութ ակումբին կողմէ: Անիկա նուիրուած է Հանրի Շալհուպի յիշատակին: Այսօրուան յայտագիրին վրայ են չորս մրցումներ: Մրցաշարքին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 21:00-ին: Մրցումները պիտի...

Ճատրակ. Համաշխարհային Ողիմպիական. Հայաստանի Խումբերուն Յաղթանակները

Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Պիելոռուսիոյ դէմ, 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Արշակ Պետրոսեանի գլխաւորած խումբին յաղթանակը ապահովեց չորրորդ խաղատախտակին վրայ մրցող Ռոպերթ Յովհաննիսեան (ճերմակ քարերով): Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին: Այժմ, տղոց կազմը 12 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը: Յառաջատարներն են Լեհաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ազրպէյճան (13-ական կէտ): Նոյն արդիւնքով...

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Բարձրացաւ 5-րդ Դիրք

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, երէկ` երկուշաբթի, 1 հոկտեմբերին, հրապարակեց աշխարհի միջազգային նոր դասաւորումը` հիմնուելով սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին արձանագրած արդիւնքներուն վրայ: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի անհատական վարկանիշը չփոխուեցաւ, բայց ան 6-րդ դիրքէն բարձրացաւ 5-րդին: Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:  

Լողարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնին 2017-2018 Տարեշրջանի Վերջին Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը եկաւ վարագոյրը իջեցնելու 2017-2018 տարեշրջանին վրայ, երբ նախորդ շաբաթավերջին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի (Քասլիք) ծովեզերքը կազմակերպեց Լիբանանի 5 քիլոմեթրի բաց ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներու, որոնք ներկայացուցին հետեւեալ ակումբները, Մոն լա Սալ, Ահտ, Աքուամարինա, Սաթելիթի, Ժազիրա, Պալմա, ներքին ապահովութեան ուժեր, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» եւ լիբանանեան բանակ: Տեղի ունեցան հետեւեալ դասակարգերու մրցումները: 12-13 տարեկան (2500 մեթր), 14-15...

Թենիս. «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Սպանացի Մոնթանա Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կողմէ կազմակերպուած թենիսի միջազգային մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին: Անոր մրցանակային ընդհանուր ֆոնտը կազմեց 25 հազար ամերիկեան տոլար: Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ Ճորտի Սամփեր Մոնթանա (դասուած` 3-րդ), որ աւարտականին յաղթեց ֆրանսացի Ալեքսանտր Միւլըրին (դասուած` 4-րդ)` 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով: Իսկ տղոց զոյգի մրցումին տիրացան Ուիլսըն Լայթ (Պրազիլ) եւ Նիքոլօ...

2019-Ի Երիտասարդական Խաղեր. Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէ – Լիսէ Վարժարաններ Համաձայնագիրի Կնքում

Պաապտայի մէջ գտնուող Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ, կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ ընդունեց ֆրանսական Լիսէ վարժարաններու տնօրէնի օգնական, ֆրանսացի Սետրիք Թուարոնը, որուն կ՛ընկերակցէր մարզական բաժանմունքի պատասխանատու, լրագրող Նըմըր Ժապեր: Անոնք իրարու միջեւ կնքեցին համաձայնագիր մը` 19-24 յունիս 2019-ին Լիսէ վարժարաններուն մէջ տեղի ունենալիք երիտասարդներու միջազգային խաղերուն գծով: Այդ մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի չորս ծագերէն...

Page 786 of 1278 1 … 785 786 787 … 1,278

Արխիւներ