Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 25-30 հոկտեմբերին կը կազմակերպէ պասքեթպոլի մարզիչներու (Քոչինկ-Քլինիք) միջազգային յատուկ դասընթացքներ` «ՏԱՊԸԼԻՈՒ ԷՅ. ՊԻ. ՍԻ. Լիվըր-1 Քորս-Քոչ» անունին տակ:
Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ առաջարկուած այս դասընթացքին իրաւունք ունին մասնակցելու միայն 25 անձեր: Բնականաբար, այդ 25-ը պիտի ընտրուին ֆետերասիոնին կողմէ` իւրաքանչիւրի թղթածրարին լաւապէս սերտուելէն ետք:
Մասնակցութեան սակ ճշդուած է հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի, իսկ արձանագրութիւնները կը կատարուին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ):



