Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ցաւակցութիւն յայտնեց Հայաստանի ազգային հերոս, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մահուան առիթով:
Լոնտոնեան Արսենալին մաս կազմող Մխիթարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Խոր կսկիծով իմացայ Շարլ Ազնաւուրի մահուան մասին: Ան մեզ կը լքէ իբրեւ յուշակոթող: Բայց եւ այնպէս, անոր ամբողջ վաստակը եւ նուիրումը` Հայաստանին, յաւերժ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ»: