Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի վեթերաններու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 55-60 տարեկան դասակարգի 62 քկ քաշային կարգին մէջ աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ Վանաձորի Ժորա Յովհաննիսեան:
Աւարտականին Յովհաննիսեան ժամանակէն շուտ` 10-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին, 17-րդ անգամն ըլլալով հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:
Վեթերաններու այս ախոյեանութեան տեղի ունեցան 5 դասակարգերու մրցումներ. 35-40, 41-45, 46-50, 51-55 եւ 55-60:



