Մարզական

«Եւրոպայի Լիկա». Մխիթարեան Պիտի Չմեկնի Պաքու

Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, պիտի չմեկնի Պաքու, ուր սպանացի Ունայ Էմերիի գլխաւորած խումբը «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Ֆ. Ք. Քարապաղի դէմ, կը հաղորդէ «Միրըր»-ը: Նախապէս «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն երաշխաւորած էր, որ Արսենալի որեւէ ֆութպոլիստ, խնդիր պիտի չունենայ «Եւրոպայի լիկա»-ի որեւէ մրցումի մասնակցելու պարագային: Ֆ. Ք....

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Այաքս Ամսթերտամ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը պիտի կատարուին ութական ճակատումներ: Այսօր հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, իրարու դէմ պիտի ճակատին Պայէրն Միւնիխ եւ Այաքս Ամսթերտամ: Այլ կարեւոր հանդիպում մը կը խոստանայ ըլլալ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Վալենսիա մրցումը: Վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն ծիրին մէջ հետաքրքրական պիտի ըլլան Պորուսիա Տորթմունտ - Մոնաքօ, Թոթենհամ...

Վարդան Մինասեան Նշանակուեցաւ Արարատ – Արմենիայի Գլխաւոր Մարզիչ

Երեւանի Արարատ - Արմենիա խումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականէն հեռացած Վարդան Մինասեան, որ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 44 տարեկան մասնագէտը փոխարինեց պաշտօնէն հեռացած Վատիմ Սքրիփչենքոն (պիելոռուսիա): Մինասեան արժանացած է մարզիչի շարք մը կոչումներու եւ պարգեւներու: Ան ունի մարզիչի «ՓՐՕ» արտօնագիր:  

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Յաղթական` Ռուսիոյ Մէջ

«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ կրան փրին աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով: Սոչիի մէջ տեղի ունեցած այս կրան փրիին, անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի այլ վարորդ մը` Վալթերի Պոթաս, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել: Հեմիլթընի համար այս յաղթանակը եղաւ այս տարեշրջանի 8-րդը, իսկ 70-րդը` անոր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:...

Արաբական Ակումբներու Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւն.  Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ-ի Խմբակին Մաս Կազմեցին Սալա, Ֆաթըհ, Քալանտիա Եւ Սփորթինկ

Արաբական Ակումբներու Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւն. Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ-ի Խմբակին Մաս Կազմեցին Սալա, Ֆաթըհ, Քալանտիա Եւ Սփորթինկ

Երէկ երեկոյեան «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) տեղի ունեցաւ Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 31-րդ ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, որ նուիրուած է Հանրի Շալհուպի յիշատակին: Մրցաշարքին բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին, Շիահի մարզադաշտին վրայ: Անիկա կ՛երկարի մինչեւ 12 հոկտեմբեր: Այս վիճակաձգութեան ներկայ եղան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամները, յատուկ հրաւիրեալներ, կազմակերպիչ ակումբին` Պէյրութի նախագահ Նետիմ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերուն Կատարելիք Մրցումներուն Յայտագիրը

Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ մասնաճիւղը լիբանանեան մարզական մամուլին ընդմէջէն ֆութպոլասէր եւ մարզասէր հասարակութեան ուղղուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութեամբ. «Այս հաղորդագրութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութ կու գայ յստակացնելու, թէ Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ-Նահտա Պար Էլիաս մրցումէն ետք պատահած միջադէպը մերժելի է մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որ ամբողջութեամբ կը դատապարտէ զայն: «Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ տեղի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաղթանակը Պըրժի Դէմ` 2-1 Արդիւնքով

Հաւասարութենէ մը եւ պարտութենէ մը ետք, շաբաթ, 29 սեպտեմբերին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ Պհամտունի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պըրժը: Ամին Ապտելնուրի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին 29-րդ վայրկեանին, սենեկալցի Սեմի Պիայէ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 2-0 արդիւնքով, երբ հայրենի ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանդիլեան 45-րդ վայրկեանին նշանակեց երկրորդ կոլը: Անոր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Մութթահետ` 58-55. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անուար` 49-65

Երէկ` կիրակի, տեղի ունեցան Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի վերջին մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երկարաձգումէն ետք 58-55 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Մութթահետի դէմ (չորս քորթըրները աւարտեցան 52-52), ապահովեց ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը, ուր կը մրցի Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ: Միւս ճակատումին, իրարու դէմ...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Տիտղոսակիր Ռիատի Պէյրութ Դուրս Մնաց

Նախորդ տարի Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած Ռիատի Պէյրութ, ախոյեանութեան Ա. հանգրուանէն իսկ դուրս մնաց, երբ կրեց մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը, որ եղաւ քիչ մը ծանր` 33 կէտի տարբերութեամբ, 96-63 արդիւնքով (23-26, 26-7, 23-16, 24-14): Ռիատի իր այս պարտութիւնը կրեց Միրալքօ Պուլցէն (Ֆիլիփեան կղզիներ): Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ռիատի գրաւեց իր խմբակին վերջին դիրքը, մինչ Միրալքօ յաջողեցաւ ինք...

Ճատրակ. Համաշխարհային Ողիմպիական. Հայաստանի Կազմերուն Մրցակիցները` 7-րդ Հանգրուանին

Շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, Պաթումի մէջ (Վրաստան) ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականին մասնակցող խումբերը հանգիստի մէջ էին: Երէկ` կիրակի, տեղի ունեցան 6-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց ընթացքին Հայաստանի զոյգ խումբերը յաղթանակներ արձանագրեցին: Տղոց կազմը յաղթեց Մակեդոնիոյ (3,5-0,5), իսկ աղջկանց խումբը` Ռուսիոյ (3-1): Հայաստանի տղաքը, որոնք 10 կէտով կը բաժնեն 4-13-րդ դիրքը, 7-րդ հանգրուանին, այսօր` 1 հոկտեմբերին կը մրցին Պիելոռուսիոյ դէմ: Նշենք, որ առաջին դիրքը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Աղիւսակներու Առաջին Հնգեակները

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Դարձեալ Չյաղթեցին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին զօրաւորագոյն եւ ամէնէն շատ ֆութպոլի աշխարհին մէջ իրագործումներ կատարած երկու կազմերը` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ, դարձեալ չյաղթեցին իրենց մրցակիցներուն եւ արձանագրեցին հաւասարութիւններ` յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով: Սպանացի յառաջապահ Մունիր Հատատիի նշանակած կոլը` 84-րդ վայրկեանին, Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ (1-1), Պարսելոնան փրկեց պարտութենէ մը: Օսքար Տէ Մարքոս նշանակեց Պիլպաոյի կոլը (41-րդ): Ինչ կը...

«Փրեմիեր Լիկ»

- Չելսի - Լիվըրփուլ` 1-1. - Մխիթարեանի Խումբը` Արսենալ Յաղթական Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Չելսի - Լիվըրփուլ ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Տանիել Սթարիճ իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց Լիվըրփուլի հաւասարութեան կոլը: Մրցումին 25-րդ վայրկեանին, Էտեն Հազար նշանակեց Չելսիի կոլը: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, թէեւ Լիվըրփուլ Մանչեսթըր Սիթիի եւ...

«Պունտըսլիկա». Պորուսիա Տորթմունտ` Նոր Յառաջատարը

Օգտուելով Պայէրն Միւնիխի կրած պարտութենէն` Հերթա Պերլինէն (2-0 արդիւնքով) եւ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Պայէր Լեւերքուզընի դաշտին վրայ, Պորուսիա Տորթմունտ յաջողեցաւ գրաւել «Պունտըսլիկա»-ի դասաւորման` առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 14 կէտ: Պայէրն եւ Հերթա ունին 13-ական կէտ: 6-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Հերթա նշանակեց 2 արագ կոլեր` Ա. կիսախաղին, իր հիւրին` Պայէրնի դէմ: Գրեթէ նոյնը պիտի պատահէր, երբ...

Ժիւտօ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Անժելա Գասպարեան Պաքուի Մէջ Տիրացաւ Մետալի

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ժիւտոյի ախոյեանութեան, Ռուսիոյ հաւաքականին մաս կազմող Անժելա Գասպարեան տիրացաւ պրոնզ մետալին: 22 տարեկան Գասպարեան առաջին անգամ ըլլալով հանդէս կու գայ Ռուսիոյ մեծերու հաւաքականէն: Խմբային ախոյեանութեան, Ռուսիոյ կազմը յաղթեց Ղազախստանին, Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ` հասնելով կիսաւարտականին, ուր պարտուեցաւ Ֆրանսայէն: Պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին, Ռուսիա յաղթեց Ազրպէյճանին: Գասպարեան հանդէս եկաւ 70 քկ դասակարգի մրցումներուն:

«Պելաթոր-206». Գեղարդ Մուսասի Յաղթեց Նաք-Աութով

Հոլանտան ներկայացնող «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի հայ մարզիկ Գեղարդ Մուսասի պաշտպանեց Պելաթորի միջին քաշային կարգի ախոյեանի տիտղոսը: Ամերիկեան Սան Խոսէի մէջ տեղի ունեցած «Պելաթոր-206»-ի մրցաշարքի գլխաւոր մենամարտին, 33 տարեկան Մուսասի նաք-աութով յաղթեց Պելաթորի կիսամիջին քաշային կարգի ախոյեան, քանատացի` Ռորի Մաքտոնալտին: Մուսասիի առաւելութիւնը նկատելի էր մենամարտի մեկնարկային վայրկեաններէն, իսկ 2-րդ ռաունտին իրաւարարը ստիպուած եղաւ դադրեցնել մենամարտը: Նախորդ մայիսին Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) Մուսասի...

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմենի 8-րդ Յաղթանակը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 8-րդ հանգրուանին, գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Նիսի դաշտէն: Նէյմար տուպլէ մը իրագործեց «Սթատ Տիւ Ռէ»-ի դաշտին վրայ (22-րդ եւ 92-րդ): Նիսի մաս կազմող Ուիլան Սիփրիեն 59-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:

«Քալչիօ». Մանծուքիչի Տուպլէն Նպաստեց Եուվենթուսի Յաղթանակին

Իտալիոյ գործող ախոյեան Եուվենթուս, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 7-րդ հանգրուանին, արձանագրեց իր 7-րդ յաղթանակը, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նափոլին: Մարիօ Մանծուքիչ նշանակեց 2 կոլ (26-րդ եւ 49-րդ), իսկ երրորդ կոլը նշանակեց Լէոնարտօ Պոնուչչի (76-րդ): Նափոլիէն Մարիօ Ռուի 58-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Մինչ Եուվէ ապահովեց տարեշրջանի իր 21-րդ կէտը, անդին Նափոլիի կէտերը մնացին նոյնը (15): Այսպիսով, անիկա կրեց...

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Տիտղոսակիր` Թաշքենտի Մէջ

Ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեանի յաղթանակով աւարտեցաւ Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ տեղի ունեցած «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ.»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքը: Աւարտականին 23 տարեկան Գասպարեան 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց 17 տարեկան ռուս Անասթասիա Փոթափովային` 1 ժամ 3 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք: Այսպիսով, Գասպարեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացաւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ.»-ի իր երկրորդ տիտղոսին: Առաջինին տիրացած էր 2015-ին, Պաքուի մէջ:    

Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին. Աղջկանց Մարաթոն` «Պիել»-Էն Մանարա

Հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Մուսթաքպալ հոսանքի կնոջական կազմակերպութիւնը կը կազմակերպէ աղջկանց մարաթոն մը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 7 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Պիել»-էն Մանարա: Կազմակերպիչները այս մարաթոնին խորագիրը դրին հետեւեալը. «Դիմադրէ՛... կանգ մի՛ առներ»:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերուն Կատարելիք Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերուն Կատարելիք Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին գծով վաղը` կիրակի, 30 սեպտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի խումբերը մրցումներ ունին կատարելիք: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին կը մրցի Մութթահետի դէմ: Այս մրցումին պիտի յաջորդէ ՀՄԸՄ Պէյրութ - Անուար մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Վերոնշեալ երկու մրցումները, մնացեալներուն նման, տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերն...

Page 787 of 1278 1 … 786 787 788 … 1,278

Արխիւներ