Արարատ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Աբրահամ Խաշմանեան նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
Բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, այս տարեշրջանին երեւանեան ակումբին արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին ոչ համոզիչ:
9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Արարատ 5 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:
Ակումբի մարզիչներու կազմին մէջ ընդգրկուեցան Արմէն Տօնոյեան, Աշոտ Գրիգորեան, Արա Նիգոյեան, Տիգրան Եսայեան, Ալպերթ Սաֆարեան եւ Արմէն Կիրակոսեան:



