Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Պիելոռուսիոյ դէմ, 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Արշակ Պետրոսեանի գլխաւորած խումբին յաղթանակը ապահովեց չորրորդ խաղատախտակին վրայ մրցող Ռոպերթ Յովհաննիսեան (ճերմակ քարերով):
Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
Այժմ, տղոց կազմը 12 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը: Յառաջատարներն են Լեհաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ազրպէյճան (13-ական կէտ):
Նոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Հայաստանի աղջկանց խումբը` Միացեալ Նահանգներուն դէմ: Էլինա Դանիէլեան եւ Աննա Սարգսեան յաղթեցին, Լիլիթ Մկրտչեան ապահովեց կէս կէտ, միւնչ Մարիա Քուրսովա պարտուեցաւ:
Այժմ Հայաստանի աղջիկները 13 կէտով կը գրաւեն առաջին դիրքը: Ուքրանիա, Չինաստան, Ռումանիա եւ Վրաստան ունին 12-ական կէտ:
Ախոյեանութեան աւարտին մնաց 4 հանգրուան: