Պաապտայի մէջ գտնուող Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ, կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ ընդունեց ֆրանսական Լիսէ վարժարաններու տնօրէնի օգնական, ֆրանսացի Սետրիք Թուարոնը, որուն կ՛ընկերակցէր մարզական բաժանմունքի պատասխանատու, լրագրող Նըմըր Ժապեր:
Անոնք իրարու միջեւ կնքեցին համաձայնագիր մը` 19-24 յունիս 2019-ին Լիսէ վարժարաններուն մէջ տեղի ունենալիք երիտասարդներու միջազգային խաղերուն գծով:
Այդ մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի չորս ծագերէն 25 երկիրներէ 450 երկսեռ մարզիկներ: