Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, անդրադառնալով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, յայտնեց, որ կը պատրաստուի Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի գործադիր մարմինի յաջորդ նիստին առաջարկել, որ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին անդամակցութիւնը` Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին, ժամանակաւոորապէս սառեցուի:
«Վերջին շրջանին հայկական կռփամարտին գծով ծաւալուող իրադարձութիւնները մտահոգիչ են:
«Անհասկնալի են այն մեղադրանքները, ըստ որոնց, փորձ կը կատարուի մարզաշխարհը քաղաքականացնելու:
«Դարձեալ կու գամ նշելու, որ կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ քննութիւն կը կատարուի Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահի ընտրութիւններուն առնչութեամբ, որովհետեւ կը կարծուի, որ կանոնագրային խախտումներ կատարուած են:
«Պիտի առաջարկեմ ֆետերասիոնին անդամակցութիւնը սառեցնել` մինչեւ բոլոր տեսակի քննութիւններուն աւարտը», նշեց Ռոստոմեան:



