Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, երէկ` երկուշաբթի, 1 հոկտեմբերին, հրապարակեց աշխարհի միջազգային նոր դասաւորումը` հիմնուելով սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին արձանագրած արդիւնքներուն վրայ:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի անհատական վարկանիշը չփոխուեցաւ, բայց ան 6-րդ դիրքէն բարձրացաւ 5-րդին:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն: