Աթլեթիզմ. Զուլալ Պէզճեան Նոր Մրցանիշ Մը Իրագործեց
ՀՄԸՄ-ի աթլեթ Զուլալ Պէզճեան Լիբանանի աթլեթիզմի ազգային նոր մրցանիշ մը ձեռք ձգեց աղջկանց երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) գծով նիզակ արձակելու մրցումներուն: Արդարեւ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած տարեվերջի մրցումներուն, Ժամհուրի վարժարանի մարզադաշտին վրայ, Զուլալ 34,22 մեթր նետեց իր նիզակը` դառնալով Լիբանանի երիտասարդներու մրցանշակիր: Զուլալի այս փայլուն արդիւնքը մարզիչներու յարատեւ հետեւողականութեան, ինչպէս նաեւ իր լուրջ աշխատանքին եւ նուիրումին պատճառով է: Կը շնորհաւորենք...




















