Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Թայրիս Մեքսի Կը Փայլի

November 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի կարտ Թայրիս Մեքսի այս տարեշրջանի ամէնէն «աշխատասէր» մարզիկն է «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ անկասկած:

Իր աշխատանքն ու պայքարն ալ ապարդիւն չեն անցնիր մինչեւ օրս: Մեքսի, որ այս տարեշրջանին միջին հաշուով 40,3 վայրկեան կը մասնակցի մրցումներուն («Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ 48 վայրկեան է բնական մրցումը), երէկ առաւօտեան ժամերուն 54 կէտ նշանակելով (իր ասպարէզի մրցանիշ) Ֆիլատելֆիան յաղթանակի առաջնորդեց 123-114 արդիւնքով` Միլուոքի Պաքսի դաշտին վրայ:

Մեքսի, որ 9 էսիսթ ալ կատարեց, եղաւ Ֆիլատելֆիայի պատմութեան միակ խաղցողը, որ Ուիլթ Չեմպըրլէյնի նման առնուազն 50 կէտ եւ 9 էսիսթ կը կատարէ մէկ մրցումի ընթացքին:

Մեքսի, որ 46 վայրկեան խաղցաւ Միլուոքի դէմ, օր մը առաջ 39 վայրկեան խաղցած է Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ:

76-ըրզ շատ աւելի կը վստահի Մեքսիին, մանաւանդ 2023-ի «Էմ. Վի. Փի.» Ժոել Էմպիիտի եւ 6 անգամ «Օլ-Սթար»-ի մրցումի մասնակից Փոլ Ճորճի վիրաւորուելէն ետք:

Էմպիիտ 6-րդ յաջորդական մրցումէն բացակայեցաւ ծունկի հարցերու պատճառով, մինչ Ճորճ երեքշաբթի վերադարձաւ առաջին 12 մրցումներէն բացակայելէ ետք` վիրաբուժութենէն ապաքինելէ ետք:

Ռայըն Ռոլինզ 32 կէտ եւ 14 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Միլուոքիի, որմէ կը բացակայէր Եաննիս Անթեթոքումփօ, որ անցեալ երկուշաբթի վիրաւորուած էր եւ իրենց 2 շաբաթով բացակայել: Ասիկա Միլուոքի 8-րդ պարտութիւնն էր 16 մրցումներու ընթացքին, մինչ Ֆիլատելֆիա 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց իր 15-րդ մրցումին:

Մեմֆիս Կրիզլիզ 137-96 արդիւնքով շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ:

Սանթի Ալտամա (29 կէտ), Ճոք Լենտէյլ (21 կէտ), Սետրիք Քաուըրտ (19 կէտ) եւ Զաք Էտի (16 կէտ) փայլուն ելոյթ ունեցան, մինչ Զաք Լավին 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քինկզի, որմէ կը բացակայէր վիրաւոր Տոմանթաս Սապոնիս:

Մեմֆիսէն կը բացակայէին Ճա Մըրէնթ, Ճերըն Ճեքսըն, Թայ Ճերոմ եւ Սքոթի Փիփըն Ճունիըր:

Սան Անթոնիօ Սփըրզ 135-126 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլանթա Հոքսը, նոյնիսկ առանց Վիքթոր Ուեմպանեամայի (վիրաւոր):

Տ՛Արոն Ֆոքս 26 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Սփըրզի, որ 11-րդ մրցումը յաղթեց (15 մրցումներու ընթացքին), մինչ Նիքէյլ Ալեքսանտրա Ուոքըր 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հոքսի:

Օրուան վերջին մրցումին, Օրլանտօ Մեճիք 129-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը: Ճէյլըն Սլակզ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի, որ 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց 16 մրցումներու ընթացքին, մինչ Ճէյմս Հարտընի 31 կէտերը չկրցան փրկել Քլիփըրզը, որ կրեց իր 11-րդ պարտութիւնը` 15-րդ մրցումին:

 

Նախորդը

Անկախութեան 82-Ամեակ. Լիբանանի Ինքնորոշման Եւ Անկախութեան Կերտման Երկար Պայքարը

Յաջորդը

Ռոնալտօ` Սպիտակ Տան Մէջ

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.