ՀՄԸՄ-ի աթլեթ Զուլալ Պէզճեան Լիբանանի աթլեթիզմի ազգային նոր մրցանիշ մը ձեռք ձգեց աղջկանց երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) գծով նիզակ արձակելու մրցումներուն:
Արդարեւ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած տարեվերջի մրցումներուն, Ժամհուրի վարժարանի մարզադաշտին վրայ, Զուլալ 34,22 մեթր նետեց իր նիզակը` դառնալով Լիբանանի երիտասարդներու մրցանշակիր:
Զուլալի այս փայլուն արդիւնքը մարզիչներու յարատեւ հետեւողականութեան, ինչպէս նաեւ իր լուրջ աշխատանքին եւ նուիրումին պատճառով է:
Կը շնորհաւորենք Զուլալը այս արդիւնքին համար` մաղթելով աւելի բարձր նուաճումներ:


