. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթի այժմէն իսկ կ՛ուսումնասիրէ իր կազմը զօրացնելու տարբերակները: Ըստ «Տեֆենսա Սանթրալ»-ի, Սիթի պատրաստ է 100 միլիոն եւրօ առաջարկել Ռէալ Մատրիտին` ձեռք ձգելու համար միջնապահ Արտա Կիւլերը: Կուարտիոլա զինք կը նկատէ եզակի մարզիկ, որ լաւապէս կրնայ խաղալ «թիւ 8» դիրքին վրայ:
. ԻՏԱԼԻՈՅ պատմական բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոնի անդրանիկ զաւակը` Լուիս Թոմաս Պուֆոն, որ այս տարեշրջանին միացած էր Փիզա ակումբին, կը փայլի… Չեխիոյ երիտասարդներու ազգային խումբին հետ:
Յառաջիկայ ամիս 18 տարեկանը բոլորող Պուֆոնի մայրը` Սլենա Սերետովան է, որուն չեխական քաղաքացիութենէն օգտուեցաւ Լուիս` նախընտրելով խաղալ իր մօտ երկրի ազգային խումբին, քան իր հօր երկրին` Իտալիոյ խումբին հետ, յաւելեալ ճնշում չզգալու համար հօր ձգած անունը պահելով:
Յառաջապահ Լուիս, որ իր առաջին մրցումին հեթ-թրիք նշանակած էր Ազրպէյճանի դէմ (6-1), քանի մը օր առաջ հեթ-թրիք մը եւս իրագործեց Հիւսիսային Իրլանտայի դէմ (4-0) մրցումին` ցուցադրելով իր տաղանդը, կոլերը նշանակելով գլխու, աջ ոտքի եւ ձախ ոտքի հարուածներով:
. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ այժմէն կը մտածէ խումբը զօրացնելու մասին, մանաւանդ որ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի, եւ զայն պէտք է փոխարինէ լաւ յառաջապահ մը: Նիկերիացի Վիքթոր Օսիմենի մասին կը խօսուի, մինչ Խուլիան Ալվարեսն ու Տուշան Վլահովիչն ալ կը մնան Պարսելոնայի «փափաքելի» անուններու շարքին:
Պարսելոնա վերջերս փափաք յայտնեց ձեռք ձգելու Լիվըրփուլի միջնապահ Ռայան Կրավենպերխը: Զարմանալին այն է, որ Պարսելոնա, որ արդէն իսկ ունի բազմաթիւ յարձակող-միջնապահներ, չի մտածեր իր պաշտպանողականը զօրացնելու մասին, հակառակ անոր որ վերջին 8 մրցումներուն ակումբը ստացած է 16 կոլ:


