«Եու. Էֆ. Սի.»-ի կազմակերպած «Եու. Էֆ. Սի. 265» օրուան կարեւորագոյն մրցումին, հայազգի մարտիկ Արման Ծառուկեան թեթեւ կշիռի մրցումի 2-րդ ռաունտին կրցաւ պարտութեան մատնել աւստրալիացի Տան Հուքըրը, Քաթարի մէջ տեղի ունեցած մրցումին:
Այս յաղթանակով Ծառուկեան ինքզինք փաստեց իբրեւ թիւ 1 մրցակից այս կշիռի տիտղոսակիր Իլիա Թոփուրիայի (Վրաստան):


