Երկու յաջորդական կրան փրիներ շահելէ ետք, Լանտօ Նորիս լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի վաղուան Լաս Վեկասի կրան փրիին ընդառաջ:
«Մաքլարեն»-ի վարորդ Նորիս, Մեքսիքոյի եւ Սաօ Փաուլոյի կրան փրիները շահեցաւ` օգտուելով իր խմբակից Օսքար Փիասթրիի չար բախտէն, եւ այժմ 24 կէտի առաւելութիւն ունի անոր վրայ:
Հակառակ այս բոլորին, տակաւին 3 կրան փրիներ կան` Լաս Վեկասի, Քաթարի եւ Ապու Տապիի մէջ, որոնք Քաթարի սփրինթի մրցումին հետ միասին 83 կէտեր կը ներկայացնեն:
«Մաքլարեն»-ի զոյգին ետին կը գտնուի վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն, որ իր «Ռետ Պուլ»-ով իր կարելին կ՛ընէ մրցելու համար, բայց 49 կէտով ետ կը մնայ: Անհատական այս մրցակցութեան զուգահեռ բուռն պայքար կը տանին «Մերսետես», «Ռետ Պուլ» եւ «Ֆեռարի»` խմբային Բ. դիրքին համար:
Լաս Վեկասի կրան փրին 2023-ին սկսած է եւ շրջավազքը ունի 6,201 երկարութիւն: Անցեալ տարի Լանտօ Նորիս 1′ 34″ 876 վայրկեանով մրցանիշ ձեռք ձգեց այս շրջավազքին վրայ:
Շարլ Լըքլեր («Ֆեռարի») եւ Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես») փոլ փոզիշըն շահած են յաջորդաբար 2023-ին եւ 2024-ին:
2023-ին Վերշթափըն շահած էր, իսկ 2024-ին` Ռասըլ: Վաղը Նորիս պիտի հաւասարի Տէյվիտ Քուլթարտի մրցանիշին` 150-րդ մրցումը կատարելով «Մաքլարեն»-ի հետ: Յառաջիկայ շաբաթավերջին Քաթարի մէջ Նորիս պիտի ըլլայ «Մաքլարեն»-ի նոր մրցանիշ կրողը` 151-րդ կրան փրիին մասնակցելով: 26 տարեկան Նորիս 7 տարեշրջանի ընթացքին հասաւ Քուլթարտի մրցանիշին:
«Մեծ թիւ մըն է եւ աներեւակայելի… հասնելով Տի. Սի.-ի (Տէյվիտ Քուլթարտի) մրցանիշին` «Մաքլարեն»-ի հետ: Քաթար պիտի ըլլայ թիւ 151 եւ… չեմ գիտեր ի՛նչ պիտի ըսեմ… ամէնէն աւելի «Մաքլարեն» վարող մարզի՞կը: Շատ հպարտալի բան մըն է եւ մեծ կատարելագործում: Ասիկա երազս էր մանկական օրերէս: Աներեւակայելի է այսքան տեղ հասնիլը եւ ժամանակը կը թռչի», ըսաւ Նորիս` թաց եւ պաղ Վեկասի շրջավազքին մօտ զրոյցի մը:


