«Ֆորմիւլա 1»-ի այս տարուան ախոյեանը ըստ երեւոյթին պիտի վճռուի վերջին կրան փրիին` Ապու Տապիի մէջ, 7 դեկտեմբերին: Արդարեւ, դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Լանտօ Նորիս («Մաքլարեն») չկրցաւ փոլ փոզիշընի իր առաջին դիրքը պահել եւ առաջին շրջանին իսկ զայն կորսնցուց ի նպաստ վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափընի, որ 7 կէտով մօտեցաւ Նորիսի եւ 12 կէտով` Փիասթրիի:
Նորիս Բ. դիրքը գրաւեց, մինչ Մերսետեսի վարորդ Ճորճ Ռասըլ դիրքը գրաւեց` ամբողջացնելով փոտիումը:
Ասիկա Վերշթափընի 8-րդ յաջորդական փոտիումն էր, բայց պէտք է շահի այս շաբաթավերջին թէ՛ սփրինթի մրցումը եւ թէ՛ Քաթարի կրան փրին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբաթավերջին ալ տարուան վերջին կրան փրին` Ապու Տապիի մէջ, յուսալով, որ «Մաքլարեն»-ի զոյգը չաւարտեն բարձր դիրքերու վրայ:
Այս տարի «Մաքլարեն»-ի զոյգը` Նորիս եւ Փիասթրի 7-ական կրան փրիներ շահեցան, մինչ «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Վերշթափըն` 6:
Մնացեալ երկու կրան փրիները շահեցաւ Ճորճ Ռասըլ: Մրցումէն ետք թեքնիք քննութիւններու ընթացքին «Էֆ. Այ. Էյ.»-ի քննիչներ նկատեցին, որ զոյգ «Մաքլարեն»-ներու ինքնաշարժներուն տակի բաժինը ապօրինի ձեւով բնականէն աւելի գետնին մօտ էր եւ շատ աւելի բարակ էր, քան օրէնքը եւ մնացեալ 18 ինքնաշարժները:
Այս պատճառով ալ չեղեալ նկատուեցան Նորիսի (2-րդ) եւ Փիասթրի (4-րդ) արդիւնքները:
Այժմ Վերշթափըն 24 կէտով միայն ետ կը մնայ Նորիսէն, եւ Փիասթրի նման 366 կէտեր ունի Նորիսի ետին (390 կէտ):
Եթէ Քաթարի շաբաթավերջէն ետք (սփրինթը եւ կրան-փրին) Նորիս 2 կէտով հեռանայ Վերշթափըն – Փիասթրի զոյգէն, 2025-ի ախոյեան կրնայ դառնալ:


