Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հրաւէրով, Լիբանան կ՛այցելէ Արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ տոքթ. Եասեր Տուխին:
Տուխի, որ քանի մը օրով կ՛այցելէ Լիբանան, հանդիպումներ պիտի ունենայ մարզական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ: Ան իր այցելութիւնը կ՛աւարտէ կիրակի օր` ներկայ գտնուելով Լիբանանի ֆետերասիոնի կազմակերպած «անկախութեան մրցումներ»-ուն, որոնք տեղի պիտի ունենան առաւօտեան ժամը 7:30-ին եւ 10:00-ին (հաշմանդամներու մրցում):
Մրցումներու աւարտին, Տըպպայէի մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցանակներու տուչութեան հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ Յակոբ Թէրզեանի, անշուշտ Տուխիի, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սաթոյեանի եւ ֆետերասիոնի բոլոր անդամներուն:


