ՖԻՏԷ-ի կազմակերպած 2025-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը հասած է կիսաւարտական: Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Նոտիրպեք Եաքուպոյեւ, որ նախապէս դուրս ձգած էր Գաբրիէլ Սարգիսեանը, հասաւ կիսաւարտական` դուրս ձգելէ ետք գերմանացի վարպետ Ալեքսանտր Տոնչենքոն` 1,5-0,5 արդիւնքով: Քառորդ աւարտականի մնացեալ երեք մրցումներուն ալ դիմուեցաւ թայ-պրէյքներու, մանաւանդ երբ երկու հանգրուաններէ ետք դասական ճատրակի մրցումները հաւասարութեամբ աւարտած էին:
Այլ ուզպեք վարպետ մը` Ժախովիր Սինտարով 3,5-2,5 արդիւնքով դուրս ձգեց մեքսիքացի Խոսէ Էտուարտօ Մարթինես Ալքանթարան, մինչ աշխարհի թիւ 7 դասուած չինացի վարպետ Եի Ուէյ 2,5-1,5 արդիւնքով անակնկալի բերաւ թիւ 2 դասուած հնդիկ վարպետ Արժուն Էրիկայսին, որ չկրցաւ օգտուիլ իր ծննդավայրին մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքէն:
Ռուս վարպետ Անտրէ Էսիփենքօ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Սամ Շանքլենտը:
Թիւ 7 դասուած Եի Ուէյ (որ նախապէս դուրս ձգած էր Սամուէլ Սեւեանը) կիսաւարտականին պիտի մրցի ռուս Անտրէ Էսիփենքոյի դէմ (թիւ 27), մինչ Եաքուպոյեւ` իր ազգակից Սինտարովի դէմ: Եաքուպոյեւ թիւ 28 դասուած է, մինչ Սինտարով` 16-րդ:


