«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի առաջին դիրքը գրաւած Արման Ծառուկեան եւ Նոր Զելանտայի մարտիկ Տեն Հուքըր իրար հանդիպեցան չորեքշաբթի օր` առաջին անգամ ըլլալով հասնելէ ետք Քաթար:
Երկու մարտիկները վաղը Տոհայի մէջ իրար դէմ պիտի ճակատին «Եու. Էֆ. Սի. Քաթար» մրցաշարքի հիմնական ելոյթին:
Երկու մարտիկները լարուած մթնոլորտի մէջ իրար դէմ յանդիման եկան նկարուելու, բայց յարգանքը մնաց իրար հանդէպ, եւ երկուքն ալ կրցան զսպել իրենք զիրենք:
«Եու. Էֆ. Սի. Քաթար»-ի այս հիմնական ճակատումը մեծ նշանակութիւն ունի: Այս մարտը յաղթողը իրաւունք պիտի ունենայ մրցելու այժմու թեթեւ կշիռի տիտղոսակիր Իլիա Թոփուրիայի դէմ:
«Եու. Էֆ. Սի.»-ի մեծ թիւով համակիրներ վստահաբար պիտի հետեւին այս մրցումին, որ Պէյրութի ժամանակացոյցով տեղի պիտի ունեայ ժամը 20:00-ին:
Նշենք, որ Ծառուկեան իր կատարած 25 մենամարտներուն 22-ին կրցած է յաղթել, մինչ Հուքըր կատարած է 36 մրցումներ, որոնց 24-ին յաղթած է:


