Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Խմբային Խաղ Ցուցաբերեց Գրեթէ Բոլոր Մարզիկներով

November 20, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը 98-61 արդիւնքով շատ հանգիստ եւ սպասելի յաղթանակ մը արձանագրեց Թատամոն Հարաժելի դէմ` վերջինիս օգտագործած Քահրապայի դաշտին վրայ:

Թատամոն, որ փոխարինուած էր իր սենթըր Տորփըն Պենֆորտը, առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացաւ դանիացի Եոնաս Պերկշթետի հետ, որ միջակ մակարդակի ելոյթ ունեցաւ իր մասնակցած 19 վայրկեաններուն:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ լաւ սկսան մրցումը` 11 յաջորդական կէտեր նշանակելով, ուր բոլոր հիմնական մարզիկներն ալ` Ճորտըն Սթիվընզ, Թայլըր Պէյ, Խալիտ Թոմաս, Կապրիէլ Աճէմեան եւ Ահմետ Իպրահիմ կէտեր նշանակեցին:

ՀՄԸՄ շատ հանգիստ, բայց արագ կէտեր կը նշանակէր, կարծէք տղաքը կ՛աճապարէին առիթ տալու պահեստի աթոռներուն վրայ նստած տղոց:

Մինչեւ առաջին մասի աւարտը, արդէն իսկ Ճորտըն 10 կէտեր նշանակած էր, մինչ Թայլըր (6 կէտ) եւ Խալիտ (7 կէտ) «իրենց գործը» կ՛ընէին: 27 կէտ նշանակելէ ետք առաջին մասին, ՀՄԸՄ լաւ պաշտպանեց նաեւ ճնշելով մրցակիցին վրայ եւ ընդունելով միայն 16 կէտ:

Բ. մասին Ճորտըն աւելի գնդակ բաժնելու անցաւ, ապա փոխարինուեցաւ Սէրուժ Աւետիսեանով, որ քանի մը տարի առաջ Լիբանանի ազգային երիտասարդներու խումբի օրերը յիշեցուց գեղեցիկ խաղարկութեամբ:

Թայլըր շարունակեց իր ընթացքը եւ այս մրցումին «տանք»-ի ամէն ձեւերը ցուցադրեց` հաճոյք առնելով եւ անշուշտ տալով հանդիսատեսներուն:

Կիսախաղին 15 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք (35-50), ՀՄԸՄ լրջօրէն շարունակեց իր ընթացքը, ուր Թայլըրի կողքին նաեւ Ահմետ Իպրահիմ փայլեցաւ, մինչ Այզաք Այյուպի իր արագ փրեսինկներով գնդակը կը խլէր մրցակիցներէն եւ Սէրուժի հետ անակնկալի կը բերէր մրցակից մարզիկները:

45-74 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ վերջին մասին գրեթէ առանց օտարի խաղցաւ, մանաւանդ երբ Թայլըր կարճ ժամանակի մէջ 7 կէտեր աւելցուց` իր կէտերու հաշիւը 31-ի բարձրացնելով: Ազիզ Ապտել Մասիհ (4 կէտ), Թանիոս Աքիքի (5 կէտ), Այզաք Այյուպի (8 կէտ), Սէրուժ (2 կէտ), Քարիմ Սալամ (2 կէտ) եւ Փիթըր Տեքերմէնճեան լաւ ելոյթ ունեցան:

Խումբը կը խաղար շատ արագ, եւ բացառիկ հասկացողութիւն կար տղոց միջեւ, որոնք նուազագոյն սխալները կատարեցին եւ շատ լաւ պաշտպանեցին: Բայց անշուշտ Թատամոն Հարաժել այդ խումբը չէ, որուն դէմ պէտք է դատենք մեր մակարդակը, սակայն պէտք է նաեւ նշենք, որ այս խումբը միայն 6 կէտերու տարբերութեամբ պարտուած էր Էն. Էս. Էյ.-ի եւ Շանվիլի դէմ մրցումներուն:

5-րդ յաղթանակը արձանագրելով ՀՄԸՄ 1 դեկտեմբերին պիտի ունենայ իր յաջորդ մրցումը` Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Զգալի է, որ ՀՄԸՄ սկսած է ըլլալ խումբ մը, որ իրապէս խմբային խաղ կը կիրարկէ եւ ոչ թէ անհատական տարրերու կը վստահի: Խումբի մարզիչ Ճօ Մոժահես արդէն իսկ ըսաւ, որ «օրէ-օր խումբին անդամները աւելի կը ծանօթանան իրարու, եւ արդիւնքը բնականաբար կը բարելաւուի»:

Նախորդը

Պայրամով. «Ազրպէյճան Շահագրգռուած Է Արագացնելու Աշխատանքները, Զորս Միացեալ Նահանգները Կը Կատարեն «Թրամփի Ուղի»-ի Ծիրին Մէջ»

Յաջորդը

Սթարմըր, Մաքրոն Եւ Մերց Քննարկած Են Ուքրանիոյ Աջակցութեան Հարցն Ու Միջին Արեւելքի Կացութիւնը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.