Մարզական

Բռնցքամարտ.  Հայկական Յաջող Երեկոյ

Բռնցքամարտ. Հայկական Յաջող Երեկոյ

Վերջերս Մոսկուայի «Կռիլիա Սովեթով» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շամօ Պոքսինկ» բռնցքամարտային երեկոն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք հայ մարտիկներ, որոնք շատ յաջող ելոյթ ունեցան վստահ յաղթանակներով: 22 տարեկան Ռոպերթ Բադալեան շարունակեց յաղթանակներու շարքը` պարտութեան մատնելով նամիպիացի Թոմաս Իշիտհիմատվան: Մենամարտը տեւեց 6 ռաունտ, որոնցմէ ետք իրաւարարներու միաձայնութեամբ Բադալեան իր 4-րդ յաղթանակը տօնեց: Ռաֆայէլ Սիմոնեան երեք տարուան դադարէ ետք տպաւորիչ ձեւով վերադարձաւ...

Եուրի Սակունց Կը Շարունակէ

Եուրի Սակունց Կը Շարունակէ

Անյաղթ հայ բռնցքամարտիկ Եուրի Սակունց իր յաղթանակներու շարքը աւելցուց յաղթանակով մը եւս, երբ Թայլանտի մէջ կրցաւ յաղթել տեղացի Կիյարտի Սրիրիտթիտետին: Մենամարտը, որ տեղի ունեցաւ Փաթում Թանի քաղաքին մէջ, շատ կարճ տեւեց եւ առաջին ռաունտին իսկ նաք-աութով վերջ գտաւ: «Կինես»-ի բազմաթիւ մրցանիշներու տէր Սակունց իր 19-րդ արհեստավարժ մրցումը շահեցաւ: Ան այդ 19 մրցումներէն 17-ն նաք-աութի միջոցով յաղթած է: Այս տպաւորիչ արդիւնքներէն...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Սկովտիա 28 Տարի Ետք Հասաւ Մոնտիալ

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Սկովտիա 28 Տարի Ետք Հասաւ Մոնտիալ

28 տարի հեռու մնալէ ետք Մոնտիալէն, Սկովտիա շատ վճռական եւ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Դանիոյ վրայ, ապահովեց Մոնտիալի իր տոմսը: Իր լաւագոյն օրերուն մէջ գտնուող Սքոթ Մաքթոմինէյ տապըլ-քիքով բացաւ մրցումին հաշիւը 3-րդ վայրկեանին: Բ. կիսախաղին Ռասմուս Հոյլունտ փենալթիով նշանակեց Դանիոյ հաւասարութեան կոլը, բայց այլ Ռասմուս մը` Քրիսթենսըն 4 վայրկեան ետք կարմիր քարտ մը ստացաւ եւ Դանիոյ գործը դժուարացուց: Լորենս...

Էն. Պի. Էյ.  Յիշատակելի Երեկոյի Մը`  Լըպրոն Ճէյմս Վերադարձաւ

Էն. Պի. Էյ. Յիշատակելի Երեկոյի Մը` Լըպրոն Ճէյմս Վերադարձաւ

Երեքշաբթի գիշեր Լոս Անճելըս Լէյքըրզի եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի վերջին 20 տարիներու աստղերէն Լըպրոն Ճէյմս մրցանիշ մը հաստատեց իր 23-րդ տարեշրջանի առաջին մրցումը կատարելով Եութա Ճեզի դէմ: Յիշատակելի գիշեր մըն էր նաեւ Սթեֆ Քըրրիի համար, որ 34 կէտեր նշանակեց եւ գրաւեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաւելագոյն կէտեր նշանակող մարզիկներու 22-րդ դիրքը` անցնելով Վինս Քարթըրին: Տիթրոյիթ Փիսթընզ վերջին անգամ 18 տարի...

Բռնցքամարտ  Էրիք Իսրայէլեանի Յաջորդական Յաղթանակը

Բռնցքամարտ Էրիք Իսրայէլեանի Յաջորդական Յաղթանակը

Հայ բռնցքամարտիկ Էրիք Իսրայէլեան յաջողութեամբ կը շարունակէ բռնցքամարտի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Մոնրէալի մէջ 21 տարեկան մարտիկը յաղթեց չիլիցի Մարիօ Էսփարսիային, իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 40-36, 40-36 եւ 40-36 արդիւնքով: Այս յաղթանակը Իսրայէլեանի երկրորդն է երկու շաբթուան ընթացքին: Երկու շաբաթ առաջ Էրիք Մոնրէալի մէջ նաք-աութով պարտութեան մատնած էր Տիլըն Շրետերը: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին հետ յաջող ելոյթներէն ետք, անցեալ ապրիլին Իսրայէլեան անցած էր...

Մխիթարեանի Վերադարձը Կը Մօտենայ

Մխիթարեանի Վերադարձը Կը Մօտենայ

Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն իսկ սկսած է անհատական մարզումները` դարմանուելէ ետք: Ան վիրաւրուած էր «Սերի Ա.»-ի 8-րդ հանգրուանին` Նափոլիի դէմ մրցումին 25 հոկտեմբերին: 36 տարեկան հայ ֆութպոլիստը օգտուեցաւ միջազգային դադարէն` ապաքինելու, եւ շատ հաւանաբար շուտ մարզավիճակ կը վերագտնէ: Կը սպասուի, որ ան լաւապէս պատրաստ ըլլայ կիրակի օրուան «Միլանի տերպի»-ին: Նախապէս կը սպասուէր, որ ան 5-էն 6 շաբաթ հեռու...

Սթեֆան Սողոմոնեանի Կոլին Շնորհիւ Էս. Էմ. Եու. Ախոյեան

Սթեֆան Սողոմոնեանի Կոլին Շնորհիւ Էս. Էմ. Եու. Ախոյեան

Հայ ֆութպոլիստ Սթեֆան Սողոմոնեան Էս. Էմ. Եու. Աթլեթիքս խումբին հետ դարձաւ «Էյ. Սի. Սի. 2025-ի ախոյեանը: Աւարտականին Վիրճինիայի դէմ Սողոմոնեան նշանակեց մրցումին միակ կոլը եւ խումբը առաջնորդեց ախոյեանութեան տիտղոսին: 21 տարեկան յառաջապահը կոլեր նշանակած էր նաեւ փլէյ-օֆի բոլոր 4 մրցումներուն: Ան մէկական կոլեր նշանակած էր Ուէյք Ֆորեսթի (5-4), Սթանֆորտի (1-0), կիսաւարտականին` Սիրաքիուզի (5-1), եւ ինչպէս նշեցինք աւարտականին` Վիրճինիայի դէմ: Այս...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Արմէն «Սուփըրմեն» Պետրոսեան Միջին Կշիռի Տիտղոսի Համար Պիտի Մրցի

«Էմ. Էմ. Էյ.» Արմէն «Սուփըրմեն» Պետրոսեան Միջին Կշիռի Տիտղոսի Համար Պիտի Մրցի

Ռուսիոյ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի լիկան` «Ար. Սի. Սի.»-ն յայտարարեց բարձր մակարդակի մենամարտի մասին: Արդարեւ, «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին մարտիկ եւ ֆայթ-նայթի նախկին ախոյեան Արմէն «Սուփըրմեն» Պետրոսեան պայմանագիր ստորագրած է` գլխաւորելու «Ար. Սի. Սի. 24» մրցաշարքը: Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ այժմու ախոյեան Վլատիսլաւ Պելազ: Միջին կշիռի ախոյեան Պելազի դէմ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 12 դեկտեմբերին: «Ու.Կ.Մ.Ք. Արենա»-ի մէջ 12 հազար հանդիսատեսներու...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Գերմանիա Եւ Նետերլանտներ Ապահովեցին Իրենց Տոմսերը

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Գերմանիա Եւ Նետերլանտներ Ապահովեցին Իրենց Տոմսերը

Գերմանիոյ ֆութպոլի խումբը վտանգաւոր դիրքի վրայ կը գտնուէր դուրս մնալու 2026-ի մոնտիալէն, բայց այդ մէկը երկուշաբթի գիշեր աւարտեցաւ, երբ Լայփցիկի դաշտին վրայ ան 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սլովաքիան: Սլովաքիա, որ անցեալ սեպտեմբերին զտումի բացման մրցումին 2-0 արդիւնքով անակնկալ ձեւով պարտութեան մատնած էր Գերմանիան Պրաթիսլաւայի մէջ, մրցումին սկիզբէն պաշտպանողական խաղ կը կիրարկէր: Սակայն Գերմանիա 18-րդ վայրկեանին առաջին կոլը նշանակելէ ետք...

«Էն. Պի. Էյ.»  Օքլահոմա Սիթիի 14-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Սիթիի 14-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր տարեշրջանի իր 15-րդ մրցումին 14-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 126-109 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դաշտին վրայ: Չեթ Հոլմկրեն 26 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թանտըրի, որ ակումբի նոր մրցանիշ ձեռք ձգեց` առաջին մասին 49 կէտեր նշանակելով: Շէյ Կիլճիըս - Ալեքսանտր 23 կէտ աւելցուց եւ Լու Տորթ 17 կէտ` ի նպաստ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Թատամոն Հարաժել-ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն Հարաժել-ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին գծով, այսօր ՀՄԸՄ հիւրը պիտի ըլլայ Թատամոն Հարաժելի` վերջինիս օգտագործած Քահրապայի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին: ՀՄԸՄ, որ իր առաջին 4 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է, պէտք է լրջօրէն մրցի իր մրցակիցին դէմ, որ հակառակ իր 4 պարտութիւններուն այդքան ալ տկար խումբ մը չէ եւ ունի լաւ օտարներ, ինչպէս Սամ Տենիելը եւ վրացի Քախապեր...

Ճատրակ.  Հայ Ներկայացուցիչները Դուրս Մնացին

Ճատրակ. Հայ Ներկայացուցիչները Դուրս Մնացին

ՖԻՏԷ-ի 2025 աշխարհի բաժակի Դ. հանգրուանին, Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը` Շանթ Սարգիսեան, առաջին դասական ճակատումին հաւասարելէ ետք երկրորդ ճակատումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ուզպեքիստանի Նոտիրպեք Եաքուպոյեւէն եւ դուրս մնաց: Քառորդ աւարտական ձախողեցան հասնիլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու հայ ներկայացուցիչներ Լեւոն Արոնեան եւ Սամուէլ Սեւեան: Լեւոն Արոնեան 1,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն կրեց թիւ 2 դասուած հնդիկ վարպետ Արժուն Էրիկայսիէն, մինչ Սամուէլ Սեւեան 1,5-0,5 արդիւնքով...

Քիք-Պոքսինկ.  Մարատ Գրիգորեան` Յաղթական

Քիք-Պոքսինկ. Մարատ Գրիգորեան` Յաղթական

Քիք-պոքսինկի հայ մարտիկ Մարատ Գրիգորեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով պարտութեան մատնեց ճափոնցի Ռուքիա Անփոն, Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած «Ուան 173» մրցաշարքին: Ասիկա Գրիգորեանի 85-րդ մենամարտն էր, ուր ան արձանագրեց 69-րդ յաղթանակը: Գրիգորեանի երկրորդ յաջորդական յաղթանակն է այս` պարտութիւն կրելէ ետք Սուփերպոն Պանչամեքէն, եւ ըստ վերջին մենամարտներու արդիւնքներուն, մօտիկ ապագային Գրիգորեան կրնայ «վրէժ»-ի մրցում մը ունենալ Պանչամեքի դէմ: Գրիգորեան վստահ հարուածներով կը...

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Նորվեկիա 4 Կոլ Նշանակեց Իտալիոյ Մէջ

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Նորվեկիա 4 Կոլ Նշանակեց Իտալիոյ Մէջ

1998-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Նորվեկիա Մոնտիալ հասաւ, երբ կիրակի գիշեր 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կիսախաղին Միլանոյի մէջ, կրցաւ 4 կոլ նշանակել` շահելով իր 24-րդ կէտը եւ 8 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելով Իտալիան զրկեց փլէյ-օֆի հասնելէ: Ինթեր Միլանի յառաջապահ Ֆրանչեսքօ Փիօ Էսփոզիթօ «զուտ միլանեան» կոլ մը նշանակեց 11-րդ վայրկեանին խմբակից Տիմարքոյի փոխանցումէն ետք, բայց իտալացիք չկրցան առաջին կիսախաղի իրենց առիթները...

«Էն. Պի. Էյ.»  Եութա Ճեզ Պարտութեան  Մատնեց Շիքակօ Պուլզը

«Էն. Պի. Էյ.» Եութա Ճեզ Պարտութեան Մատնեց Շիքակօ Պուլզը

Քիոնթէ Ճորճ 3 կէտ նշանակեց մրցումի աւարտէն 2 երկվայրկեան առաջ, եւ Ճեզ 150-147 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շիքակօ Պուլզը երկրորդ յաւելուած բաժինին: Ճորճ նշանակեց 32 կէտ, որոնց 6-ը` երկրորդ երկարաձգման: Այզիա Քոլիէ եւ Պրայս Սենսապոֆ 16 կէտ նշանակեցին ի նպաստ Ճեզի, որ վերջին 3 մրցումներէն 2-ը յաղթեց, պարտուելէ ետք այս տարեշրջանի 7-էն 6-ն: Քոպի Ուայթ (27 կէտ) եւ Ճոշ Կիտի (26...

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն.  Սերաֆինա Սերոբեան Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեան Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ

Վերջերս Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական մարմնամարզութեան «Ճիմնասթիքա Սոլօ քափ 2025» մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանահայ Սերաֆինա Սերոբեան, որ անգամ մը եւս բարձր պահեց լիբանանահայութեան անունը միջազգային հարթակներուն վրայ: Այս մրցաշարքը, որուն կը մասնակցէին 30 երկիրներէ լաւագոյն միջազգային մարմնամարզիկները, եղաւ շատ հետաքրքրական, ուր Սերաֆինա փաստեց, թէ ան մչ միայն Լիբանանի լաւագոյնն է, այլ կրնայ չափուիլ նաեւ ռուս, պուլկարացի եւ...

Իսլամական Երկիրներու  Համերաշխութեան Խաղեր.  Ծովակ Քէօշկերեան Պրոնզէ Մետալով Վերադարձաւ

Իսլամական Երկիրներու Համերաշխութեան Խաղեր. Ծովակ Քէօշկերեան Պրոնզէ Մետալով Վերադարձաւ

Ռիատի մէջ տեղի ունեցող Իսլամական երկիրներու համերաշխութեան մարզական խաղերու մրցումներուն ծիրին մէջ, լիբանանահայ Ծովակ Քէօշկերեան Մուայ Թայի մարզաձեւի մրցումներու 3-րդ դիրքը գրաւեց պրոնզէ մետալ շահելով: Արդարեւ, 45-50 քկ կշիռի մրցումներուն, Ծովակ Քէօշկերեան դուրս ձգելէ ետք եգիպտացի Զայնապ Իտրիսը եւ սէուտցի Հաթան Սէյֆը, կիսաւարտականին պարտութիւն կրեց աշխարհի թիւ 1 դասուած Ֆարաշթա Հասանզատէի դէմ եւ շահեցաւ պրոնզէ մետալ: Քէօշկերեանի կողքին կը գտնուէր...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Հայաստան 8 Կոլեր Ստացաւ Սփերձեանի Հաւասարութեան Կոլէն Ետք…

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստան 8 Կոլեր Ստացաւ Սփերձեանի Հաւասարութեան Կոլէն Ետք…

Երէկ Հայաստանի ազգային խումբը բաւական ծանր եւ սպասելի պարտութիւն կրեց Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ` 9-1 արդիւնքով: Վիարէալի պաշտպան Ռենաթօ Վէյկա 7-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը: 11 վայրկեան ետք Հայաստանի խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան Հրանդ-Լէոն Ռանոսի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք նշանակեց Հայաստանի հաւասարութեան կոլը: 10 վայրկեանները բաւական «ուրախ» անցընելէ ետք, Փորթուգալ մինչեւ կիսախաղ 5-ի հասցուցած էր արդիւնքը: Ռամոշ, Նեւեշ (2) եւ Պրունօ Ֆերնանտեշ...

Քիք-Պոքսինկ.  Ժորա Յակոբեանի Փայլուն Ելոյթները Ընդհատուեցան…

Քիք-Պոքսինկ. Ժորա Յակոբեանի Փայլուն Ելոյթները Ընդհատուեցան…

Քիք-պոքսինկի հայ մարզիկ Ժորա Յակոբեան փայլուն ելոյթ ունեցաւ վերջերս Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող «Քէյ 1 Ուորլտ Մաքս» մրցաշարքին: Քառորդ աւարտականին Ժորա Յակոբեան, որ իր 39 նախկին մրցումներէն 33-ը յաղթած էր, տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց ֆրանսացի Այմերիք Լազիզիի դէմ, զայն նաք-աութի ենթարկելով առաջին ռաունտին իսկ: 70 քկ կշիռի մրցումներուն ան հասաւ կիսաւարտական, բայց չկրցաւ աւարտել մենամարտը: Ան վիրաւորուեցաւ եւ ստիպուեցաւ կիսատ ձգել...

Մայք Գէորգեան Կոլ Նշանակեց

Մայք Գէորգեան Կոլ Նշանակեց

20 տարեկան հայ միջնապահ Մայք Գէորգեան շաբաթավերջին շատ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց իր ակումբին` Ունթերհախինկի շապիկով` Վիլցինկի դէմ: Ունթերհախինկ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Վիլցինկը եւ Պաւարիոյ շրջանի ախոյեանութեան (Դ. դասակարգ) Բ. դիրքը գրաւեց: Գէորգեան նշանակեց մրցումին առաջին կոլը ձախ ոտքի անզսպելի հարուածով: Ասիկա Գէորգեանի 2-րդ կոլն է այս տարեշրջանին եւ կատարած է 1 էսիսթ: Անցեալ տարի Դ. դասակարգ փոխանցուած...

Page 79 of 1275 1 … 78 79 80 … 1,275

Արխիւներ