Քիքպոքսինկի հայ մարզիկ Ռոման Քալաշեան գերազանց արդիւնքներ ձեռք կը բերէ Վրաստանի Ռուսթաւի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Ճի. Էֆ. Էլ. 6» մրցաշարքին: Թուրք Եուսուֆ Քարակուտսի դէմ մենամարտին, Ռոման Քալաշեան համոզիչ յաղթանակ արձանագրեց` առաջին ռաունտին նաք աութի ենթարկելով զայն:
Այս յաջողութիւնը նշանակելի նուաճում էր Ռոման Քալաշեանի ասպարէզին մէջ, ան կը շարունակէ ձեռք բերել ոլորտի ամէնէն հետաքրքրական մարզիկներէն մէկուն համբաւը:
Նշենք, որ Քալաշեան, որ «Թորնատօ» ֆութպոլի ակումբի հիմնադիրն է, 30 դեկտեմբերին պիտի մրցի Սուլէյման Մախմատովի դէմ` Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Հայփ Էֆ. Աի.» առաջին բռնցքամարտի մրցաշարքին:


