Խայտառակութիւն` ՖԻՖԱ-ի Նախագահին Շուրջ
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճաննի Ինֆանթինօ մեկնաբանեց զանգուածային լրատուամիջոցներու` իրեն ուղղուած մեղադրանքները: Ըստ թերթերու տուեալներուն, ՖԻՖԱ-ի նախագահը Եւրոպական ֆութպոլի ընկերակցութիւններու միութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը վարած ատեն օգնած է Մանչեսթըր Սիթիին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենին` խուսափելու դրամական խախտումներու համար պատիժէն: «Իրերու դասաւորման փոփոխութիւնը, առաջ շարժիլը, լաւագոյն արդիւնքներու հասնելու նպատակով մարդոց միանալը միշտ մարտահրաւէր է: Եւ քանի որ մենք վճռականօրէն բարեփոխումներ կ՛իրականացնենք ՖԻՖԱ-ի մէջ,...






