Մարզական

«Ֆորմիւլա-1». Վիեթնամ Պիտի Հիւրընկալէ 2020-ի Կրան-Փրիներէն Մէկը

«Ֆորմիւլա-1»-ի կայքը պաշտօնապէս հաղորդեց, որ 2020-ին, աշխարհի ախոյեանութեան կրան փրիներէն մէկը տեղի պիտի ունենայ Վիեթնամի մէջ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Հանոյ քաղաքի կեդրոնը գտնուող վազքուղիին վրայ, որուն երկարութիւնն է 5562 քիլոմեթր: «Ֆորմիւլա-1»-ը այս որոշումին յանգեցաւ, որպէսզի իր յայտագիրին մէջ նոր վազքուղի մը աւելցնելով ասիական ցամաքամասին մէջ, այս մարզաձեւին աւելի զարկ տայ:

«Լիպերթատորես» Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Փութին Ներկայ Պիտի Գտնուի Աւարտականի Դարձի Մրցումին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ներկայ պիտի գտնուի «Լիպերթատորես» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի դարձի մրցումին, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պոքա Ժունիորզ եւ Ռիվըր Փլէյթ: «Սանթօ Տիա» կայքը կը տեղեկացնէ, որ Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) կատարուելիք այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 նոյեմբերին: Փութին Արժանթինի մայրաքաղաք պիտի այցելէ մասնակցելու համար Քսաններու խմբակի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 30 նոյեմբերէն 1...

Հեծելարշաւ. Ծատուրեան Եղբայրներուն Նուիրուած Տարեկան 6-րդ Մրցումին Մասնակցեցան 36 Հեծելանւորդներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ գործակցութեամբ Պրումմանայի քաղաքապետութեան ու Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի գլխաւոր հովանաւոր «Սքոթ» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի 6-րդ տարեկան մրցումը` մասնակցութեամբ 36 հեծելանւորդներու, որոնք մասնակցեցան ժամացոյցի դէմ մրցումին: Մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ Նահր Մոթի շրջանէն (Ռումիէի շրջան), ուրկէ հեծելանւորդները իրարմէ մէկ վայրկեան...

Պասքեթպոլ. «Թելեքոմ»-ի Մրցաշարք. «Ալֆա» – «Օժերօ» Աւարտական

«Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած հաղորդակցութեանց միջոցներու եւ բջիջային ընկերութիւններու պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, վաղը` հինգշաբթի, 8 նոյեմբերին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` «Ալֆա»-ի եւ «Օժերօ»-ի միջեւ: Աւարտական այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին: Տղոց այս մրցաշարքին մասնակցեցան «Ալֆա», «Թաչ», «Էյ. Փի. Թի.-Փաուըրթեք»,...

Պասքեթպոլ. Դրամատուներու Սենտիքայի Մրցաշարք. «Ֆրանսապանք» Տիրացաւ Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Սփորթ Էվազիոն» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ դրամատուներու սենտիքայի պասքեթպոլի մրցաշարքը: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին, որուն ներկայ էին մեծաթիւ հանդիսատեսներ, «Ֆրանսապանք» երկարաձգումէն ետք տիրացաւ տիտղոսին` 69-56 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իհթիմատ Լուպնանիի: Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 50-50 հաւասարութեամբ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ընկերութեան նախագահ Պասսամ...

Յատուկ Հրաւիրեալներու Ներկայութեան.  Նեպիլ Քարամի Անունը Վեցերորդ Անգամ Ըլլալով Արձանագրուեցաւ Մրցանիշներու «Կինես» Գիրքին Մէջ

Յատուկ Հրաւիրեալներու Ներկայութեան. Նեպիլ Քարամի Անունը Վեցերորդ Անգամ Ըլլալով Արձանագրուեցաւ Մրցանիշներու «Կինես» Գիրքին Մէջ

Լիբանանի ռելիներու նախկին ախոյեան Նեպիլ Քարամի անունը վեցերորդ անգամ ըլլալով արձանագրուեցաւ մրցանիշներու «ԿԻՆԵՍ» գիրքին մէջ, այս անգամ իբրեւ անձ մը, որ ունի ամէնէն շատ միջազգային դրոշմաթուղթեր, որոնք կը խորհրդանշեն աշխարհի տարածքին գտնուող տարբեր ինքնաշարժներու լուսանկարները (թիւով 3333): Զուքի մէջ գտնուող «Քարամ» տախտակի ընկերութեան մէջ տեղի ունեցած այս հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան յատուկ հրաւիրեալներ, որոնց կարգին` զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, շրջանի քաղաքապետներ,...

Պասքեթպոլ.  Քաննուպին Պշարրէ` Տղոց Գ. Դասակարգի Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Քաննուպին Պշարրէ` Տղոց Գ. Դասակարգի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ եւ ճակատագրական մրցումը, որուն ընթացքին Քաննուպին Պշարրէ 78-66 արդիւնքով յաղթելէ եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Շիահին, հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան: Այս երրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), ներկայ գտնուեցան երկու խումբերուն մեծաթիւ համակիրները: PROFOTO Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ...

8-11 Նոյեմբերին. Լիբանանի Այքիտոյի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Մարզիչներու Աշնանային Դասընթացքներ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան, Լիբանանի Այքիտոյի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ այքիտոյի մարզիչներու աշնանային դասընթացքներ, որոնք տեղի պիտի ունենան 8-11 նոյեմբերին, Լուէյզի ակումբին մէջ (Զուք Մոսպեհ): Բացման հանդիսութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 10 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, պիտի տեւէ շուրջ կէս ժամ:

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Պիտի Պատուէ Ըմբշամարտի Նախկին Ախոյեան Ժան Սաատէն

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը Սայֆիի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի պատուէ ըմբշամարտի լիբանանցի միջազգային նախկին ախոյեան Ժան Սաատէն, հինգշաբթի, 15 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին: Ժան Սաատէ 20-րդ դարուն արաբական եւ միջազգային բազմաթիւ տիտղոսներ ապահոված է Լիբանանին:  

Պետմինթըն. Ալուան Եւ Մուրթատա` Լիբանանի Ախոյեաններ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնին, Հուփս ակումբին մէջ (Հազմիէ) տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց անհատական բաց ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 75 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Մոն լա Սալ, Ժամհուր, Հուփս Մեթն, Հուփս Պէյրութ, Սեն Ժոզեֆ համալսարան - 1875 եւ Մուժամահ Հարիրի: Այս ախոյեանութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնի նախագահ Ժասեմ Քանսօ եւ այլ անդամներ: Հուփս Պէյրութին մաս կազմող...

«Չեմփիընզ Լիկ». Մոնաքօ Եւ Լիվըրփուլ Պարտուեցան

Այսօր` Եուվենթուս - Մանչեսթըր Եունայթըտ Երէկ` երեքշաբթի, 6 նոյեմբերին սկսան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի խմբակներու դրութեամբ կատարուող դարձի մրցումները: Ա. խմբակին մաս կազմող Մոնաքօ, իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք Ֆ. Ք. Պրիւժէն, վերջնականապէս դուրս մնաց մրցաշարքէն: Այլ մրցումի մը, «Կարմիր Աստղ» Պելկրատ արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին անակնկալ յաղթանակը Լիվըրփուլի դէմ (2-0): Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները....

«Էն. Պի. Էյ.».  Ռեփթըրզի 10-րդ Յաղթանակը, Քաւալիրզի 9-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.». Ռեփթըրզի 10-րդ Յաղթանակը, Քաւալիրզի 9-րդ Պարտութիւնը

Ժամալ Միւրէյ Նշանակեց 48 Կէտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած 9 մրցումներուն ընթացքին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ արձանագրեց իր 10-րդ յաղթանակը, երբ 124-111 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Եութա Ճեզի դաշտէն: Ռեփթըրզի նման 10 յաղթանակ արձանագրած եւ միայն մէկ պարտութիւն կրած է նաեւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ ցարդ միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած է, կրեց իր 9-րդ պարտութիւնը Օրլանտօ...

Թենիս. Կարէն Խաչանով Յաղթեց Նովաք Ճոքովիչին

Ռուսիան ներկայացնող 22-ամեայ հայազգի Կարէն Խաչանով Փարիզի մէջ «Մասթըրզ» մրցաշարքի աւարտականին յաղթեց թենիսի մարզաձեւին մէջ աշխարհի լաւագոյն մարզիկ Նովաք Ճոքովիչին: Երկու սեթի մէջ 7-5 եւ 6-4 յաղթելէ ետք, Խաչանով թենիսի դասաւորման մէջ 16-րդէն բարձրացաւ 11-րդ դիրքի: Առաջին դիրքին վրայ  8045 կէտով կը մնայ Ճոքովիչ: Երկրորդ եւ  երրորդ դիրքերուն վրայ են սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ եւ  զուիցերիացի Ռ. Ֆետերեր:

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան – Պարսելոնա Մրցումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան ճակատագրական ճակատումներ: Այսօրուան  հետաքրքրական մրցումներէն մէկն է Ինթեր Միլան-Պարսելոնա մրցումը: Պարսելոնայի հետ երէկ Միլան հասած է Մեսսին, որ չորս խաղերէ ի վեր բացակայ էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն ծիրին մէջ հետաքրքրական պիտի ըլլայ Եուվենթուս -Մանչեսթըր Եունայթըտ ճակատումը: Այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը...

Համահայկական Խաղերու Բացումը` Արցախի Մէջ

Համահայկական ամառնային խաղերը 2019 թուականին տեղի պիտի ունենան օգոստոսին: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով խաղերու բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մէջ` 6 օգոստոսին: Հանդիսաւոր փակումը տեղի պիտի ունենայ 17 օգոստոսին` Երեւանի մէջ: Համահայկական խաղերը, որոնք ցարդ կազմակերպուած են Երեւանի մէջ, տեղի պիտի ունենան 7-րդ անգամ ըլլալով:  

Ծանրաբարձութեան Միջազգային Ֆետերասիոնի Ցաւակցական Ուղերձը` Եուրի Վարդանեանի Մահուան Առիթով

«Ծանրաբարձութեան աշխարհը կը սգայ բոլոր ժամանակներու ամէնէն մեծ ծանրաբարձներէն մէկուն, հայ առասպելի անժամանակ մահը: Վարդանեան ոսկի մետալ նուաճած է 1980 թուականի Ողիմպիական խաղերուն` դառնալով աշխարհի մէջ առաջին ծանրաբարձը, որ 82,5 քկ. ծանրութեան դասակարգին մէջ հատեց 400 քիլոկրամի սահմանը: Ան աշխարհի 7-ակի եւ Եւրոպայի 5-ակի ախոյեան է, հաստատած է 41 համաշխարհային մրցանիշ: Աւելի ուշ Վարդանեան եղած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանը:...

Նատալ Չի Մասնակցիր Տարուան Թենիսի Վերջին Ախոյեանութեան

Աշխարհի թիւ երկու դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի 11-18 նոյեմբերին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք տարուան վերջին ախոյեանութեան: «Բարդ տարի էր: Որովայնային մկաններու ցաւը  կ՛անհանգստացնէ զիս: Այդ խնդիրը կը խանգարէ զիս խաղալ Լոնտոնի մէջ, եւ ես որոշեցի խուսափիլ բարդացումներէ: Մրցաշրջանը ինծի համար աւարտած է: Յոյս ունիմ, որ յաջորդ տարի ամբողջովին պատրաստ կ՛ըլլամ: Շնորհակալ եմ բոլորին աջակցութեան համար», գրած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աթլաս Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը Իր Դաշտին Վրայ` Ախոյեան ՀՄԸՄ-էն (90-84)

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 3 նոյեմբերին, Աթլաս իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը սկսաւ բաւական հաւասարակշռուած ձեւով: Հակառակ անոր որ առաջին քորթըրին արդիւնքը մօտ էր (27-26), բայց  ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 52-44 արդիւնքով: Իսկ երրորդ քորթըրին, ՀՄԸՄ ունեցաւ 9 կէտի առաւելութիւն մը` 71-62 արդիւնքով: Վերջին` ճակատագրական քորթըրին, մրցումը...

Թենիս. Խաչանով. «Ճոքովիչի Հետ Աւարտականի Որեւէ Արդիւնք Ինծի Համար Լաւ Կ՛ըլլայ»

Ռուսիան ներկայացնող հայազգի Կարէն Խաչանով խօսեցաւ Փարիզի «Մասթըրզ»-ի աւարտականին աւստրիացի Տոմինիք Տիմի դէմ տօնած յաղթանակին եւ Նովաք Ճոքովիչի հետ յառաջիկայ աւարտականին մասին: «Ուրախ եմ, որ այս մրցաշարքի իւրաքանչիւր խաղի մէջ  կրցայ  նախորդին համեմատ աւելի լաւ խաղալ: Ատիկա կը նշանակէ, որ ես կը դառնամ լաւ մարզիկ, որ մրցումէ  մրցում կը յառաջդիմէ», ըսաւ Խաչանով: Ան աւելցուց. «Տիմի հետ մրցումին լարուած էին առաջին կէյմերը,...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Արսենալ – Լիվըրփուլ Հաւասար, Մ. Եունայթըտ  Կրկին Կոլ Մը Ստանալէ Ետք Յաղթեց, Եուվենթուս Շարունակեց Յաջող Երթը, Ռէալ Մատրիտ  Ի Վերջոյ Յաղթեց, Թ. Հանրիի Մոնաքոն Կրկին Տապալեցաւ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ – Լիվըրփուլ Հաւասար, Մ. Եունայթըտ Կրկին Կոլ Մը Ստանալէ Ետք Յաղթեց, Եուվենթուս Շարունակեց Յաջող Երթը, Ռէալ Մատրիտ Ի Վերջոյ Յաղթեց, Թ. Հանրիի Մոնաքոն Կրկին Տապալեցաւ

Շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները. ԱՆԳԼԻԱ. 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ Պուրնըմաութ - Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-2 Քարտիֆ - Լայսթըր Սիթի 0-1 Էվըրթըն -  Պրայթըն 3-1 Նիւքասըլ -  Ուաթֆորտ 1-0 Ուեսթ Համ - Պըրնլի 4-2 Արսենալ - Լիվըրփուլ 1-1 Վուլվզ - Թոթենհամ 2-3 Մանչեսթըր Սիթի - Սաութհեմփթըն 6-1 Չելսի - Քրիսթալ Փալաս 3-1 ԱՅՍՕՐ             ԺԱՄ Հատըրսֆիլտ (20) - Ֆուլհեմ (18) 22:00 ԻՏԱԼԻԱ. 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ           Ինթեր Միլան...

Page 772 of 1278 1 … 771 772 773 … 1,278

Արխիւներ