«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 114-113 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Տալաս Մավըրիքսը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ:

Մինեսոթա Վուլվզ, որ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, արձանագրեց 128-125 արդիւնքով յաղթանակ մը: Տերիք Ռոզ նշանակեց Վուլվզի կէտերէն 50-ը:
Գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը, երբ 131-121 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Նիւ Օրլինզը: Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) նշանակեց 37 կէտ:
Պրուքլին Նեթց երկարաձգումէն ետք 120-119 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տիթրոյիթ Փիսթընզին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Պրուքլին Նեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 120-119 |
Նիւ Եորք Նիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ | 101-107 |
Շիքակօ Պուլզ – Տենվըր Նակեթց | 107-108 |
Մինեսոթա Վուլվզ – Եութա Ճեզ | 128-125 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Նիւ Օրլինզ | 131-121 |
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տալաս Մավըրիքս | 114-113 |
Ֆէոնիքս Սանզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 90-120 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Օքլահոմա Սիթի
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Տենվըր Նակեթց
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Աթլանթա Հոքս – Սաքրամենթօ Քինկզ
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Օրլինզ