Տոհայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչ Արթուր Դաւթեան գրաւեց 9-րդ դիրքը` բազմամարտի մրցաշարքին:
Անհատական մրցումներուն հայ մարզիկը հաւաքեց 83,140 կէտ եւ նախավերջին արդիւնքը արձանագրեց աւարտականին:
Նշենք, որ մարմնամարզութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի 3 ներկայացուցիչ հասած է աւարտական:
Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք Արթուր Թովմասեան եւ Վահագն Դաւթեան` օղակներու վարժութեան աւարտականին, մինչ Արթուր Դաւթեան վաղը եւս ներկայացում ունի կատարելիք` յենացատկի մրցումներուն: