Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող ֆութպոլիստ Էտինսոն Քաւանի արժանացաւ «Կոլտըն-ֆութ»-ի մրցանակին, հաղորդեց փարիզեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս մրցանակը կը տրուի 28 տարեկանէն վեր այն ֆութպոլիստներուն, որոնք մարզական իրենց արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին անհատական յաջողութիւններու հասած են:
Այսպիսով, 31 տարեկան Քաւանի հանդիսացաւ առաջին ուրուկուէյցին եւ երկրորդը Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլիստներէն, որ կը տիրանայ այս մրցանակին: 2012-ին Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող նախկին շուէտացի ֆութպոլիստ Զլաթան Իպրահիմովիչ տիրացած էր անոր, մինչ նախորդ տարի` Փորթոյի մաս կազմող սպանացի բերդապահ Իքեր Քասիաս: