Երէկ կէսօրին Աղեքսանդրիայէն (Եգիպտոս) Լիբանան վերադարձաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսակիր:
Արաբական ակումբներու ախոյեան կազմը Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ արժանացաւ շատ ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութեան:
Խումբը դիմաւորելու եկած էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի եւ ֆետերասիոնի անդամ Ճորճ Սապունճեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեան եւ Շրջանային վարչութեան այլ անդամներ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեան եւ վարչութեան այլ անդամներ, մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Իրենց խօսքերուն մէջ, Աուայտաթ եւ Հալապի դրուատիքով արտայայտուեցան այս կարեւոր եւ մեծ նուաճումին մասին` յայտնելով, որ Արաբական աղջկանց պասքեթպոլի աշխարհին մէջ ՀՄԸՄ իր գերակայութիւնը փաստելով եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը:
Իսկ իրենց խօսքերուն մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան եւ խումբի խմբապետ Մեղրի Թորոսեան ըսին, թէ թէեւ այդքան ալ դիւրին չեղաւ տիտղոսին տիրանալը, սակայն ՀՄԸՄ գերազանցելով բոլոր խումբերը, տիրացաւ տիտղոսին, առանց պարտութիւն կրելու:



