Սպարտակ Մոսկուայի (Ռուսիա) նախկին գլխաւոր մարզիչ Միքայէլ Լաուտրուփ մերժեց գլխաւորել Ռէալ Մատրիտը, կը յայտնէ սպանական «ԱՍ» կայքը:
Աղբիւրին համաձայն, 53 տարեկան դանիացին մերժած է արքայական ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի առաջարկը, որովհետեւ ներկայ հանգրուանին չ՛ուզեր մարզել Ռէալը, քանի որ վստահ է, թէ ներկայիս ինք չի կրնար անոր իրավիճակը կարգի դնել:
Ռէալի ժամանակաւոր մարզիչն է Սանթիակօ Սոլարի: