ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճաննի Ինֆանթինօ մեկնաբանեց զանգուածային լրատուամիջոցներու` իրեն ուղղուած մեղադրանքները:
Ըստ թերթերու տուեալներուն, ՖԻՖԱ-ի նախագահը Եւրոպական ֆութպոլի ընկերակցութիւններու միութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը վարած ատեն օգնած է Մանչեսթըր Սիթիին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենին` խուսափելու դրամական խախտումներու համար պատիժէն:
«Իրերու դասաւորման փոփոխութիւնը, առաջ շարժիլը, լաւագոյն արդիւնքներու հասնելու նպատակով մարդոց միանալը միշտ մարտահրաւէր է: Եւ քանի որ մենք վճռականօրէն բարեփոխումներ կ՛իրականացնենք ՖԻՖԱ-ի մէջ, միշտ հասկցած եմ, որ կը հանդիպիմ դիմադրութեան, յատկապէս անոնց կողմէ, որոնք այլեւս չեն կրնար շահ ունենալ համակարգէն, որուն մասը եղած են», ըսաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահը: