Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրի Վարդանեան Ոչ Եւս Է

November 3, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ 62 տարեկանին մահացաւ Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի 7-ակի եւ Եւրոպայի 5-ակի ախոյեան, ծանրաբարձ Եուրի Վարդանեան:

Այժմ կը քննարկուի անոր մարմինը Հայաստան տեղափոխելու հարցը:

Եուրի Վարդանեան ծնած է 1956 թուականի 13 յունիսին:

1977 թուականին ստացած է Խորհրդային Միութեան մարմնամարզի վաստակաւոր վարպետի կոչում:

1980 թուականին աւարտած է Լենինականի (Գիւմրի) Մանկավարժական հիմնարկը:

1977-1979, 1980-1981, 1983, 1985 թուականներուն ան դարձած է աշխարհի ախոյեան եւ բաժակակիր:

1980 թուականին` ողիմպիական ախոյեան:

1977-1978, 1980-1981, 1983 թուականներուն` Եւրոպայի ախոյեան եւ բաժակակիր:

1977, 1979, 1981 թուականներուն` Խորհրդային Միութեան ախոյեան եւ 1976 թուականի բաժակակիր:

1980 թուականին իր առաջին մեծ նուաճման Եուրի Վարդանեան հասաւ Մոսկուայի ողիմպիական խաղերու ժամանակ: Ան նուաճեց ոսկի մետալ եւ սահմանեց մրցանիշ` միջին ծանրութեան դասակարգին մէջ բարձրացնելով 400 քկ:

2009 թուականին նշանակուեցաւ Հայաստանի նախագահի խորհրդական:

2013 թուականի 8 մայիսին ազատ կացուցուեցաւ նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն եւ նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ  երիտասարդութեան հարցերու նախարար:

2014 թուականի 24 յունիսին Հայաստանի  նախագահի հրամանագիրով նշանակուեցաւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 2017 թուականը:

Պարգեւատրուած է բազմաթիւ մետալներով, որոնց շարքին` Աշխատանքային կարմիր աստղ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց:

Արմէն Սարգսեան. «Վարդանեան Իր Մրցանիշներով Ապացուցեց, Որ Անկարելին Միայն Մարտահրաւէր Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Վարդանեաններու ընտանիքին ու հարազատներուն յղեց ցաւակցական ուղերձ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի.

«Մեծ ցաւ ապրեցայ` տեղեկանալով հայկական մարմնամարզի  առասպելներէն մէկուն` յայտնի ծանրաբարձ, ողիմպիական ախոյեան Եուրի Վարդանեանի անժամանակ մահուան մասին:

Եուրի Վարդանեան հայկական մարզաշխարհին մէջ չափանիշ ու օրինակ էր շատերուն համար: Իր ողիմպիական եւ համաշխարհային մրցանիշերով ան ապացուցեց, որ անկարելին միայն մարտահրաւէր է, որ կարելի է յաղթահարել, որ անկարելին կարելի է կարելի  դարձնել:

Անոր յաջողութիւնները կը բարձրացնէին մեր ազգային ոգին եւ  բնաւորութիւնն ու կամք կը կոփէին:

Մենք կորսնցուցինք մարզական առասպելը, որուն հետ իմ անձնական հանդիպումներս կը յիշեմ յատուկ ջերմութեամբ:

Ան նոյնպէս հասարակական ու պետական կեանքի գործուն  մասնակիցն էր եւ միշտ հայրենիքին հետ էր իր միտքերով եւ ծրագիրներով:

Անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ Վարդանեաններու  ընտանիքին ու հարազատներուն, կը բաժնեմ անոնց վիշտն ու տխրութիւնը:

Եուրի Վարդանեանի պայծառ յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ»:

Սերժ Սարգսեան. «Եուրի Վարդանեանի Նուաճած Բարձունքները Հիացմունքի Եւ Ոգեշնչման Աղբիւր Եղած Են Հայութեան Համար»

Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կարգին յղեց ցաւակցական հետեւեալ ուղերձը.

«Մեծ ցաւով տեղեկացայ առասպելական մարզիկ, ծանրաբարձութեան Խորհրդային Միութեան, Եւրոպայի եւ  աշխարհի բազմակի ախոյեան, ողիմպիական ախոյեան, հասարակական եւ պետական գործիչ Եուրի Վարդանեանի մահուան մասին:

Եուրի Վարդանեանի նուաճած մարզական բարձունքները հիացմունքի եւ ոգեշնչման աղբիւր եղած են համայն հայութեան համար: Անոր օրինակին հետեւելով` բազմաթիւ հայ երիտասարդներ մարմնամարզին նուիրուելու որոշում տուած են:

Երջանիկ եմ, որ Եուրին անձամբ ճանչնալու եւ անոր հետ սերտօրէն գործակցելու կարելիութիւն ունեցած եմ:

Կորուստի այս ծանր պահուն խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Եուրի Վարդանեանի ընտանիքին, հարազատներուն, մարզական մեծ ընտանիքի բոլոր ներկայացուցիչներուն եւ անոր բազմահազար համակիրներուն»:

Նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան. «Մեծ Եւ Անդառնալի Է Հայկական Մարմնամարզի Կորուստը»

Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Գաբրիէլ Ղազարեան իր ցաւակցական ուղերձին մէջ գրած է.

«Կեանքէն հեռացած է մարզիկ մը, որ ստիպած է ոտքի կանգնիլ հազարաւոր համակիրներու, որուն ցանկացած են նմանիլ եւ ընդօրինակել բազմաթիւ երիտասարդ մարզիկներ, որուն  մարզական նուաճումներով հպարտացած է հայ ժողովուրդը:

Եուրի Վարդանեան համաշխարհային 43 մրցանիշերու հեղինակ է, 7 անգամ աշխարհի, 5 անգամ Եւրոպայի եւ 4 անգամ Խորհրդային Միութեան ախոյեան հանդիսացած է:

Վարդանեան  իր մարզական կեանքին մէջ նուաճած է աւելի քան 100 ոսկի մետալ եւ այն մարզիկն է, որ տակաւին երկար տարիներ օրինակ կրնար ծառայել բազմաթիւ  ծանրաբարձերու համար:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Արսենալ – Լիվըրփուլ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Նոյեմբեր 2018)

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.