Կազմակերպութեամբ Լիբանանի քարաթէի ֆետերասիոնին, Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քարաթէի 2018-ի ախոյեանութիւնը: Անիկա տեղի կ՛ունենայ վեցերորդ տարին ըլլալով:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 230 մարզիկներ` հետեւեալ ակումբներէն.
Ֆոքս Էնտ Ֆրոկ, Ս. Հոգի, Միլքարթ, Շիահ, Մեթն, Սփրինկ Հիլզ, Լէյզոր, Մարինա Տըպպայէ, Քեսրուան, Քոքորօ Նօ Միչի, Ժիպէյլ եւ Շանվիլ:
Տեղի ունեցան բոլոր դասակարգերու մրցումներ` վեց տարեկանէն սկսեալ մինչեւ 60 տարեկան:
Տիրանալով 3 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի, Մեթնի եւ Քեսրուանի խումբերը հանդիսացան ախոյեան, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Պէյրութ (2 ոսկի, 4 արծաթ, 8 պրոնզ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի քարաթէի ֆետերասիոնի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ճափոնի դեսպանատան ներկայացուցիչին: