Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցած փոքրերու ըմբշամարտի ախոյեանութեան, լիբանանցի 11 տարեկան Տոմինիք Ֆետի Աուն (Քըֆուր քաղաքէն) հանդիսացաւ ախոյեան:
Հարաւային Ափրիկէի այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Քէյփ Թաունի մէջ գտնուող Ուինթընպուրկ զինուորական մարզասրահին մէջ` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու:
Մրցումներուն աւարտին Տոմինիք Աուն ստացաւ իր ոսկի մետալը:



