Մեքսիքական Տորատոսի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Մարատոնա ենթարկուեցաւ ստամոքսի վիրաբուժութեան:
«Ֆութպոլ Իտալիա» հաղորդեց, որ անոր վիրաբուժութիւնը կատարող բժիշկները յայտնեցին, որ մէկ ժամ տեւած այս վիրաբուժութիւնը անցաւ շատ յաջող:
Վերջերս 58 տարեկան Մարատոնա հիւանդանոց մտած էր ստամոքսի արիւնահոսութեան պատճառով:
Անոր ակումբին ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ ան յառաջիկայ տարեշրջանին եւս պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ, հակառակ անոր որ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն աւարտականին անոր կազմը չյաջողեցաւ վերջին արգելքը շրջանցել եւ բարձրանալ բարձրագոյն լիկա: