Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 յունուարին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցեցաւ Արայա Շաապիի դէմ:
Մրցումը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 3 – 2 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-էն հեթրիք մը իրագործեց Հայկ Խաչերեան (15-րդ, 22-րդ եւ 31-րդ վայրկեաններուն):