Անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Հատըրսֆիլտ որոշեց պաշտօնանկ ընել իր մարզիչը` Տէյվիտ Վակնըրը: Ակումբի նախագահ Տին Հոյլ յայտնեց, որ պայմանագիրը խզուեցաւ երկկողմանի համաձայնութեամբ:
47 տարեկան Վակնըր մտադիր էր այս ամրան ընթացքին հեռանալ իր պաշտօնէն, բայց ակումբը որոշեց չսպասել մինչեւ ամառ:
Յայտնենք, որ այժմ, 22-րդ հանգրուանէն ետք, Հատըրսֆիլտ 11 կէտով կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը: